Պարսելոնայի պրազիլիացի ֆութպոլի աստղերէն Տենի Ալվես պիտի դատուի անցեալ տարուան 30 դեկտեմբերին Պարսելոնայի մէկ գիշերային ակումբի բաղնիքին մէջ աղջիկ մը բռնաբարելու յանցանքով:
40 տարեկան Տենի, որ 20 յունուարէն ի վեր բանտարկուած է, 5 օր ունի յաւելեալ փաստեր բերելու իր անմեղութեան գծով, որովհետեւ 3 դատախազներ` Պարսելոնայէն, երէկ որոշեցին, որ 8 էջնոց փաստեր ունին դատը սկսելու:
Պաշտօնական յայտարարութիւնը կը նշէ, որ փաստաբանները յայտնեցին, թէ թղթածրարին մէջ կ՛ընդգրկեն ականատեսներու եւ խնդրոյ առարկայ օրիորդին հարցաքննութիւններէն տողեր եւ արձանագրութիւններ:
Եթէ փաստուի, որ Ալվես յանցաւոր է, կրնայ մինչեւ 15 տարի դատապարտուիլ: Պարսելոնայի նահանգի դատական յանձնախումբը եւ Ալվեսի փաստաբանը այժմ 5 օր ունին բանտարկութեան ժամանակամիջոցին, դրամական փոխհատուցման մասին համաձայնութիւններու, եթէ Ալվես յանցաւոր ըլլայ:
Նշենք, թէ մարտ 2023-ին Տենիի տիկինը` Ժոանա Սանս բաժնուեցաւ իրմէ այս հարցերուն գծով շատ վիրաւորուած զգալով եւ փակելով «իր կեանքի այս բաժինին» էջը: