Երեք օրուան վրայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի Սամպոյի ախոյեանութիւնը` աւելի քան 70 երկիրներու մասնակցութեամբ` 650 սամպիստներով:
Աղջկանց եւ տղոց մարզական սամպոյի եւ տղոց մարտական սամպոյի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները բոլոր կշիռքներու մրցումներուն կրցաւ 10 մետալ ապահովել` 5 արծաթ եւ 5 պրոնզ:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վովիկ Խոջայեանի գնահատումով, աշխարհի ախոյեանութեան 10 մետալ շահիլը գերազանց արդիւնք էր:
«Ճիշդ է, որ ոսկի մետալ չկրցանք նուաճել, բայց ասիկա առաջին անգամն է, որ Հայաստանի հաւաքականը կը շահի աշխարհի ախոյեանութեան: Կը հաւատամ, որ այս մէկը շատ գերազանց արդիւնք է մեզի համար: Ոսկի մետալին շատ մօտ էինք: Կը կարծեմ, որ մեր տղոց ինքնավստահութիւնը իր սեփական ուժին պատճառն էր: Պատճառ էր նաեւ մեծ պատասխանատուութեան եւ լարուածութեան: Կը կարծեմ, որ միւս տարիներուն աւելի լաւ արդիւնքներ կրնանք արձանագրել», աւելցուց Վովիկ:
Նշենք, որ արծաթ մետալ շահեցան Արամ Աղաջանեան (71 քկ), Պորիս Շատվերեան (79 քկ), Դաւիթ Գրիգորեան (98 քկ), մարտական սամպոյէն` Աւետիք Պօղոսեան (88 քկ) եւ Վահրամ Գրիգորեան (64 քկ):
Պրոնզ մետալ շահեցան Վահագն Չալեան (88 քկ), Վարսիկ Գրիգորեան (54 քկ), մարտական սամպոյէն` Վաչիկ Վարդանեան (71 քկ), Սարգիս Վարդանեան (79 քկ) եւ Արման Ավանեսեան (98 քկ):