Վերջին 3 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն չորեքշաբթի հասաւ Վեկաս` ներկայ ըլլալու այս շաբաթավերջին Լաս Վեկասի կրան փրիի բացման հանդիսութեան:
Շատ չհամոզուած բացման «աւելորդ» երեւոյթներէն, «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն յայտնեց, թէ կրան փրիի 99 տոկոսը «Շօ» է, իսկ 1 առ հարիւրը` մրցում:
Շաբաթներ առաջ արդէն ախոյեանութեան տիրացած հոլանտացի վարորդը յայտնեց, թէ այս աւելորդ լոյսերու խաղերը կամ ձայնաւոր հանդիսութիւնները ոչ մէկ բան կը փոխեն տոմս ծախելու իմաստով:
Ինք ձեւով մը բացատրեց, թէ անձամբ ո՛չ երեւիլ կը սիրէ, ո՛չ ալ ծանուցումներու կը ձգտի: Երբ հարցումի մը պատասխանելով, թէ որքա՛ն խանդավառ է կիրակի օրուան մրցումին մասնակցութեան առումով, Վերշթափըն ըսաւ. «Բնաւ. մեծամասնութիւնը շօ պիտի ըլլայ… իրենք («Ֆորմիւլա 1»-ը) դրամ պիտի շահին ուզեմ կամ չուզեմ, ինձմէ կախեալ չէ: Չեմ կրնար կեղծաւոր ըլլալ, միշտ կարծիքս կը յայտնեմ դրական բաներու մասին, ժխտական բաներու մասին ալ երբեմն կը ստիպուիմ խօսիլ: Իմ նախասիրած բանս չէ… Շատեր կը սիրեն երեւիլ ժխտական կարծիքներով, բայց իմ սիրած բանս չէ»:
Ան շատ «վատ» վայրկեաններ անցուց բացումին, երբ Վեկասի նման ռոք եղանակով, պայթուցիկներով ինք եւ իր խմբակից Սերխիօ Փերես հսկայ քառակուսի տուփէ մը դուրս եկան անձրեւի տակ թրջուած համակիրներուն առջեւ: «Ինծի համար ասոնք պարապ բաներ են: Հոն կեդրոնը բարձր դիրքի վրայ կենալ խամաճիկի նման», ըսաւ ան:
«Ես միշտ կ՛ուզեմ կեդրոնանալ ելոյթներուն վրայ եւ արդիւնքները կարեւոր կը նկատեմ: Չեմ կարծեր, որ այս ամէնը կարեւոր են: Տեսարանը` լաւ վարելն է ինքնաշարժը, եւ մրցումին հետաքրքրական բաժինները… ընթացքը: Ոչ թէ մրցումէն առաջ կամ վերջ աւելորդ այս բաները»:
Վերշթափըն, որ 26 տարեկան է տակաւին, արդէն կը բաղդատուի պատմական վարորդներու, եւ անոր արձանագրած մրցանիշներն ալ հետզհետէ կը բազմանան:
Այս շաբաթավերջին յաղթանակ մը եւս իր 53-րդը կրնայ ըլլալ, հաւասարելով 4 անգամ ախոյեան գերմանացի Սեպասթիան Ֆեթելի: Միայն Լուիս Հեմիլթըն (103) եւ Միքայէլ Շումախըր (91) աւելի մրցումներ շահած են «Ֆորմիւլա 1»-ի պատմութեան ընթացքին: