«Էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ ախոյեան Տենվըր Նակեթց կրեց եղանակի իր 2-րդ պարտութիւնը Հիւսթըն Ռոքեթցի դաշտին վրայ, հակառակ որ իր սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 36 կէտ, 21 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ կատարեց` արձանագրելով թրիփըլ տապըլ: Ասիկա Եոքիչի այս տարեշրջանի 4-րդ թրիփըլ տապըլն էր 10 մրցումներէ ետք: Եոքիչ, որ 10 անգամ ալ տապըլ տապըլ կատարած է, իր կարելին ըրաւ, բայց Հիւսթըն յաջորդական 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց, շնորհիւ Ֆրետ Վանվլիթի (26 կէտ) եւ Ալփերէն Շենկիւնի (23 կէտ, 8 ռիպաունտ) կէտերուն:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի աստղերէն Սթեֆ Քըրի 38 կէտ նշանակեց, որոնց կարգին 5 հատ 3 կէտնոց կողովներ` 11 մրցումներուն 3 կէտերու հաշիւը բարձրացնելով 62-ի:
Նշենք, որ ան այժմ մրցանիշ արձանագրած է` դառնալով ամէնէն տարեց մարզիկը (35 տարեկան), որ միջին հաշուով 30 կէտէն աւելի կը նշանակէ ամէն մրցումի:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ այժմ կը մնայ ամէնէն քիչ պարտութիւն կրող խումբը (առաջին մրցումին) եւ արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը: Թայրիս Մեքսի 50 կէտ նշանակեց եւ Ժոել Էմպիիր աւելցուց 37 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ի նպաստ 76-ըրզի: Թայրիս Հալիպըրթըն 25 կէտ եւ 17 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ինտիանա Փէյսըրզի, որ միայն 1 անգամ կրցաւ գերազանցել Ֆիլատելֆիան, այդ ալ` 3-րդ մասին: Ֆիլատելֆիա, որ 19 կէտի ալ հասցուցած էր իր առաւելութիւնը, ի վերջոյ յաղթական դուրս եկաւ 137-126 արդիւնքով:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Նիւ Եորք Նիքս – Չարլոթ Հորնէթց 129-107
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրծ 102-94
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 101-105
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 137-126
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մայեմի Հիթ 113-118
Նիւ Օրլինզ Փելեքընզ – Տալաս Մեւրիքս 124-136
Հիւսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց 107-104
Շիքակօ Պուլզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 119-108
Ֆէօնիքս Սանզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 99-111
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Թեմպըրվուլվզ 110-116
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ, Պլէյզըրզ 116-110