Անցեալ տարուան արեւելեան շրջանի ախոյեան եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փոխախոյեան Մայեմի Հիթ, որ բաւական ձախող ձեւով սկսած էր այս տարեշրջանը, երէկ առաւօտ իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը` 122-115 արդիւնքով:
Արդարեւ, առաջին 5 մրցումներուն միայն 1 յաղթանակ ապահոված Մայեմի, շնորհիւ իր վեթերան աստղին` Ճիմի Պաթլըրի, կրցաւ լաւապէս տիրապետել Պրուքլինի վրայ: Պաթլըր, որ իր 36 կէտերուն 18-ն 3-րդ մասին նշանակեց, 5 ռիպաունտ եւ 3 պլոք կատարեց ի նպաստ Մայեմիի 20 հազար համակիրներու ներկայութեան:
Տանքըն Ռոպինսըն աւելցուց 26 կէտ, մինչ Պեմ Ատեպայօ նշանակեց 20 կէտ: Միքալ Պրիճզ նշանակեց 23 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պրուքլինի:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Քալիֆորնիոյ մէջ, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 128-109 կէտով ծանր պարտութեան մատնեց «վիրաւոր» Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ:
Այզիա Ճօ 7 փորձերէն 7 հատ 3 կէտնոց կողովներ եւ ընդամէնը 23 կէտ նշանակեց, մինչ Շէյ Կիլճիոս-Ալեքսանտր 24 կէտ նշանակեց եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Թանտըրի, որ յաջորդական 5-րդ մրցումը պարտուեցաւ: Սթեֆ Քըրի (աջ ծունկի ցաւ) եւ Տրէյմընտ Կրին (5 մրցումով կախակայուած) բացակայ էին, մինչ Կերի Փէյթըն 2-րդ մասին վիրաւորուեցաւ: