2026-ի Մոնտիալի Զտում. Լիբանան 1 Կէտով Վերադարձաւ Պանկլատեշէն
Սուրիա 5-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ճափոնէն Երէկ 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով, Ասիոյ գօտիի Թ. խմբակին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պանկլատեշի հետ, Տաքքայի մէջ: Բ. կիսախաղի 67-րդ վայրկեանին պահեստի մարզիկ Մաժետ Օսման օգտուեցաւ մրցակից բերդապահ-պաշտպան անհասկացողութենէ, Նատեր Մաթարի փոխանցումէն ետք, նշանակելով Լիբանանի կոլը: 4 վայրկեան ետք, Շեխ Մորսալին նշանակեց Պանկլատեշի հաւասարութեան կոլը մեծ քառակուսիէն դուրսէն հարուածով...




















