Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն.Պի.Էյ.». Պոսթըն 8-րդ Յաղթանակը Տարաւ

Նոյեմբեր 15, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան. Պոսթըն Սելթիքս իր «Թի.Տի.Կարտըն» դաշտին վրայ 19.156 համակիրներու ներկայութեան արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը 114-98 արդիւնքով` Նիւ Եորք Նիքսի վրայ: Պոսթըն մեծ թիւով 3 կէտնոց կողովներ կորսնցուց (24 հատ), բայց 4-րդ մասին Ճէյսըն Թէյթըմ 4 յաջորդական 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ինքզինք վերագտնելով: Թէյթըմ մրցումի սկիզբէն 8-էն 7  3 կէտնոց կողովներ կորսնցուցած էր, բայց մրցումի աւարտին արդէն 35 կէտ հաւաքեց: Ճէյլըն Պրաուն 22 կէտ նշանակեց, իսկ Քրիսթափս Փորզինկիս աւելցուց 21 կէտ, մինչ Ճրու Հոլերեց 14 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ:

Նիւ Եորքի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճէյլըն Պրանսըն (26 կէտ), Ճուլիըս Ռենտըլ (25 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Ճոշ Հարթ (16 կէտ եւ 9 ռիպաունտ):

Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ 111-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, որ կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը:

Փասքալ Միաքամ 39 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի, որ 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց 10 մրցումներու ընթացքին: Քայլ Քուզմա 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի խումբին, որ միայն 2 յաղթանակ արձանագրած է 10 մրցումներու ընթացքին:

Յաջորդ մրցումին, Թորոնթօ պիտի հիւրընկալէ Միլուոքի Պաքսը, որ 118-109 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզին:

Եանիս Անթեթոքումփօ 39 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պաքսի, որուն վրայ Պապի Փորթիսը 19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ աւելցուց:

Քրիս Միտըլթըն (32 տարեկան) աւելցուց 13 կէտ` դառնալով Միլուոքիի պատմութեան 5-րդ առաւելագոյն կէտ նշանակողը` 11.559 կէտով: Ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Միլուոքիի, անցաւ Մայքըլ Ռետի կէտերուն (11.554 կէտ): Միլուոքիի առաւելագոյն կէտերը նշանակած են, Անթեթոքումփօ` 16.575 կէտ, Քարիմ Ապտիւլ Ժապպար (14.211 կէտ), Կլեն Ռոպինսըն (12.010 կէտ) եւ Սիտնի Մոնքրիֆ` (11.594 կէտ):

«Յարգանքներս Մայքըլ Ռետին, ան ինծի շատ օգնած է եւ խրատ տուած, երբ Միլուոքի եկայ: Իր թիւ 22 տարազը կը կրէի, շատ լաւ անձ է, երբեմն հետը զրուցելու համար», ըսաւ Միտըլթըն:

Շիքակօ, որ միայն 1 անգամ կրցաւ անցնիլ Միլուոքիի (1 կէտով), չկրցաւ պաշտպանել վերջինիս դէմ: Նիքոլա Վուչեվիչ (26 կէտ, 12 ռիպաունտ), Զեք Լըվին (20 կէտ), Քոպի Ուայթ (16 կէտ), Փաթրիք Ուիլիըմզ (13 կէտ) եւ ՏըՄար ՏըՌոզըն 11 կէտ նշանակեցին: ՏըՌոզըն 14 փորձերէն միայն 3-ը կրցաւ նշանակել:

Սաքրամենթօ Քինկզ 132-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլեվլենտ Քեւելիրզը: Ասիկա Քլեվլենտի 6-րդ պարտութիւնն էր (10 մրցումներու ընթացքին), իսկ Սաքրամենթոյի 5-րդ յաղթանակը (9 մրցումներու ընթացքին):

Տոմանթաս Սապոնիս (Լիթուանիա), որ Արվիտասի զաւակն է (նախկին Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի աստղերէն) նշանակեց 23 կէտ եւ ձեռք ձգեց 10 էսիսթ, ինչպէս նաեւ 9 ռիպաունտ ի նպաստ Սաքրամենթոյի, մինչ Էվըն Մոպլի 16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիվլենտի:

Տը՛Աարոն Ֆոքս (28 կէտ), Քիկըն Մուրէյ (25 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Քեւին Հիւրթըր (20 կէտ) նշանակեցին Սաքրամենթոյի կէտերէն մեծամասնութիւնը:

Տոնըվըն Միչել (22 կէտ), Քերիս Լըվերթ (21 կէտ), Մաքս Սթրուս (19 կէտ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյն մարզիկները:

Նախորդը

Տենի Ալվես Պիտի Դատուի

Յաջորդը

Կրիզմանը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 4-րդ Շաբթուան Լաւագոյն Մարզիկը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի
Մարզական

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?