Այսօր կը շարունակուի 17 տարեկանէն վար պատանիներու մոնտիալը, որ տեղի կ՛ունենայ Ինտոնեզիոյ մէջ: 19-րդ մոնտիալը, որ կը վերադառնայ 2019-էն վերջ, առաջին անգամ ըլլալով չի նմանիր «մեծերու» մոնտիալին, որ տեղի կ՛ունենայ 4 տարին անգամ մը: 17-էն վար մոնտիալը, որ սկսաւ 1985-ին, սկզբունքով 16 տարեկանէն վար էր, եւ տեղի կ՛ունենար 2 տարին անգամ մը: 1991-ին որոշուեցաւ 16-էն վարը փոխել 17-էն վար մոնտիալի: 2021-ին տեղի չունեցաւ մոնտիալ` Քորոնա ժահրի համավարակին պատճառով:
Նիկերիա 5 անգամ շահած է այս մոնտիալը, ապա Պրազիլ` 4 անգամ: Ղանա եւ Մեքսիքօ 2-ական անգամ շահած են տիտղոսը: Ֆրանսա, Ռուսիա, Սէուտական Արաբիա, Զուիցերիա եւ Անգլիա մէկական տիտղոս ունին:
Ինտոնեզիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ այս մոնտիալը, որ սկսաւ անցեալ շաբաթ, եւ կ՛աւարտի 2 դեկտեմբերին:
24 խումբեր կը մասնակցին այս մրցաշարքին, ուր վերջին մրցաշարքի ախոյեանը` Պրազիլ, այսօր Գ. խմբակին մէջ կը մրցի Անգլիոյ դէմ:
Անգլիա իր առաջին մրցումին ջախջախած էր Նոր Քալետոնիոյ պատանիներու ազգային խումբը 10-0 արդիւնքով, մինչ Պրազիլ 2-1 արդիւնքով առաջ երթալէ ետք Իրանի դէմ, 2 կոլ ստացաւ վերջին 20 վայրկեաններուն եւ պարտութիւն կրեց:
Իրենց 2-րդ մրցումին, Պրազիլ 9-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Նոր Քալետոնիոյ դէմ, մինչ Անգլիա 2-1 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ: Իրան մրցումին առաջին կոլը նշանակեց, բայց Անգլիա հաւասարեցաւ եւ վերջին վայրկեանին յաղթանակին կոլն ալ նշանակեց:
Նկատի առնելով, որ Իրանի Նոր Քալետոնիոյ դէմ պիտի մրցի եւ 3 կէտը գրեթէ ապահոված է, շատ կարեւոր է այսօրուան մրցումին արդիւնքը, որ պիտի վճռէ յաջորդ հանգրուան հասնող խումբերը:


