Այսօր երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի առաջին դասակարգի բացման մրցումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Հուփսի միջեւ:
Համակիրները վստահաբար պիտի ուղղուին դաշտ` քաջալերելու համար աղջկանց խումբը, որ առաջին մրցումին յաղթելով աւելի ինքնավստահ կրնայ շարունակել ախոյեանութիւնը: