Մարզական

Եուրօ 2024.  Այսօր Կիսաւարտականի Առաջին Մրցումը` Սպանիա – Ֆրանսա

Եուրօ 2024. Այսօր Կիսաւարտականի Առաջին Մրցումը` Սպանիա – Ֆրանսա

Այսօր ժամը 22:00-ին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Եուրօ 2024-ի կիսաւարտականի առաջին մրցումը` Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ: Սպանիա իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց այս Եուրոյին, եւ վերջին` մրցաշարքի ամէնէն հետաքրքրական մրցումին կրցաւ 119-րդ վայրկեանին կոլ նշանակելով դուրս ձգել հիւրընկալ Գերմանիան: Քառորդ աւարտականի այս մրցումին, 8-րդ վայրկեանին, Թոնի Քրուսի ֆաուլէն ետք Պարսելոնայի միջնապահ Փետրի վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Տանի...

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդները (20 տարեկանէն վար) Լեռնալիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներու երթի 3-րդ հանգրուանի իրենց մրցումին պիտի մրցին Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ առաջին դիրքը կը գրաւէ 2 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, պիտի փորձէ ամէն գնով 3-րդ մրցումն ալ յաղթել խումբի մը դէմ, որ անցեալ շաբաթ 4-3 արդիւնքով դժուար յաղթանակ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Յաղթեց Անկոլային Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Անկոլային Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Հինգշաբթի գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը առանց լաւագոյն մարզիկ Ուաէլ Արաքժիի եւ խմբապետ Ամիր Սէուտի կրցաւ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել Անկոլայի դէմ 74-70 արդիւնքով եւ հասնիլ կիսաւարտական: Կիսաւարտականին Լիբանան պիտի մրցի Պահամասի դէմ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 3 մարզիկներ ունի իր կազմին մէջ: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի մարզիկներ Պատի Հիլտ եւ Էրիք Կորտըն, ինչպէս նաեւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի մարզիկ Տէանտրէ Այթըն:...

Ֆորմիւլա 1.  Վաղը` Սիլվըրսթոնի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Սիլվըրսթոնի Կրան Փրին

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Սիլվըրսթոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Բրիտանիոյ կրան փրին, որ կը հանդիսանայ այս տարուան 12-րդ կրան փրին: Այս տարի տեղի պիտի ունենան 24 կրան փրիներ (մրցանիշ), եւ այս մրցումի աւարտին հասած կ՛ըլլանք տարուան կիսուն, եւ յաջորդաբար 3 շաբաթ կրան փրի կատարելէ ետք, մրցակիցները դադար կ՛առնեն 14 օր` մինչեւ Հունգարիոյ կրան փրին` Հունգարորինկի մէջ: Սիլվըրսթոնի կրան փրին բաղդատմամբ վերջին...

Եուրօ 2024.  Տեմիրալ 2 Մրցումով Կախակայուած

Եուրօ 2024. Տեմիրալ 2 Մրցումով Կախակայուած

Թուրքիոյ ազգային խումբի յետսապահ Մերիհ Տեմիրալ կախակայուեցաւ 2 մրցումով, ըստ գերմանական «Պիլտ»-ի: Այս ձեւով ան պիտի բացակայի վաղը տեղի ունենալիք Նետերլանտներու դէմ մրցումէն, եւ հակառակ պարագային եթէ յաղթէ Թուրքիա, կիսաւարտականի մրցումէն ալ: Յիշեցնենք, որ Տեմիրալի տուպլէին շնորհիւ Թուրքիա դուրս ձգած էր Աւստրիան, իսկ թուրք մարզիկը իր 2-րդ կոլը տօնած պահուն երկու ձեռքերու շարժումներով ներկայացուցած էր թուրք ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան...

Քոփա Ամերիքա.  Արժանթին Փենալթիներով Հասաւ Կիսաւարտական

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին Փենալթիներով Հասաւ Կիսաւարտական

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Քոփա Ամերիքայի, քառորդ աւարտականի մրցումները սկսան: Առաջին մրցումին վերջին մրցաշարքի ախոյեան Արժանթին պէտք ունեցաւ բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեսի հերոսութիւններուն` յաղթելու Էքուատորին: Լիսանտրօ Մարթինես Արժանթինի ազգային խումբին հետ նշանակեց իր առաջին կոլը, երբ գլխու հարուածով փոխանցում մը ստացաւ Ալեքսիս Մաքալիսթըրէն (քոռնըրէ մը ետք), եւ իր կարգին գլխու հարուածով նշանակեց Արժանթինի եւ մրցումի առաջին կոլը 35-րդ վայրկեանին: Մինչ այդ, պէտք...

Ըմբշամարտ.  Էրիք Տէր Մաթեւոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Էրիք Տէր Մաթեւոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Նովի Սատի (Սերպիա) մէջ տեղի ունեցող 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Էրիք Տէր Մաթեւոսեան 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր խրուաթ մրցակիցը եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալ մը 82 քկ կշիռի մրցումներուն: 97 քկ կշիռի մասնակից Արշակ Գեղամեան 10-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր լեհ մրցակիցէն եւ կորսնցուց պրոնզ մետալ շահելու իր յոյսը: 67 քկ կշիռի...

Եուրօ 2024.  Այսօր` Գերմանիա – Սպանիա Եւ Փորթուգալ – Ֆրանսա

Եուրօ 2024. Այսօր` Գերմանիա – Սպանիա Եւ Փորթուգալ – Ֆրանսա

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած երկու խումբերը` Գերմանիա եւ Սպանիա, իրար դէմ պիտի մրցին այսօր ժամը 19:00-ին, Շթութկարթի դաշտին վրայ: Շթութկարթի դաշտին վրայ, Գերմանիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հունգարիան Ա. խմբակի խաղերուն գծով (19 յունիսին), մինչ Սպանիա տակաւին չխաղցաւ այս դաշտին վրայ: Երէկ, կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թոնի Քրուս յայտնեց, թէ այսօրուան մրցումը (որ կրնայ ըլլալ իր...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս 2 Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս 2 Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Լոս Անճելըս Լէյքըրզի եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկը` Լըպրոն Ճէյմս 104 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Լոս Անճելըս Լէյքըզի հետ: 4 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Լըպրոն Ճէյմս կրնայ 1 տարի խաղալ Լէյքըրզի հետ եւ յառաջիկայ տարի փոխարինուիլ այլ խումբէ այլ մարզիկի մը հետ: Յամենայն դէպս, Ճէյմս մօտ 50 միլիոն տոլար պիտի ստանայ 2024-2025...

Հեծելարշաւ.  Մարք Քաւենտիշի Մրցանիշը

Հեծելարշաւ. Մարք Քաւենտիշի Մրցանիշը

Չորեքշաբթի օր Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի տարեգրութեան մէջ պատմական օր մըն էր, երբ բրիտանացի Մարք Քաւենտիշ արձանագրեց իր 35-րդ յաղթանակը` շահելէ ետք 5-րդ հանգրուանը: Քաւենտիշ, որ 39 տարեկան է, կրցաւ բարելաւել պելճիքացի Էտի Մերքսի մրցանիշը (34 յաղթանակ), որ արձանագրած էր 1969-1975 տարիներուն: Առաւելագոյն հանգրուաններ շահող մարզիկներու 3-րդ դիրքը կը գրաւէ ֆրանսացի Պեռնար Հինօ, որ 28 յաղթանակ արձանագրած է 1978-էն 1986 տարիներուն:...

Թեն Հակ Երկարաձգեց Եունայթըտի Հետ Իր Պայմանագրութիւնը

Թեն Հակ Երկարաձգեց Եունայթըտի Հետ Իր Պայմանագրութիւնը

Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Թեն Հակ երէկ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2026: Աւելի կանուխ յայտնի դարձած էր, որ Եունայթըտ պիտի պահէ Նետերլանտներու մարզիչ Թեն Հակը, որ 2022-ին եկած էր Այաքս Ամսթերտամը լքելէ ետք: 54 տարեկան Թեն Հակի հետ Մանչեսթըր Եունայթըտ անցեալ տարեշրջանին 38 մրցումներու ընթացքին 60 կէտ շահած էր եւ գրաւած ախոյեանութեան 8-րդ դիրքը: Ան կրցած էր շահիլ ֆութպոլի...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք 4-1

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Այս կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը (20 տարեկանէն վար) պիտի մրցի Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ: Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի այս մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի փորձէ յաղթանակներու երթը շարունակել խումբի մը դէմ, որ Սահել Մեթն խումբէն պարտուած էր (2-1) իր առաջին մրցումին, բայց երկրորդ մրցումին, 4-3 արդիւնքով յաղթած Նըժմեթ Սահրային: Ըստ երեւոյթին,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Լիբանան – Անկոլա

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Անկոլա

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին, Վալենսիայի մէջ (Սպանիա) տեղի պիտի ունենայ Ողիմպիական մրցումներու գծով ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած զտումի կարեւոր մրցումը` Լիբանանի եւ Անկոլայի ազգային խումբերուն միջեւ: Լիբանան դժուար մրցակից ունի, մանաւանդ որ Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժի, ինչպէս նաեւ խմբապետ Ամիր Սէուտ կը բացակային: Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան իր առաջին մրցումին 104-59 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի 2-րդ լաւագոյն խումբէն` Սպանիայէն:...

Եուրօ 2024.  Նետերլանտներու Ազգային Խումբը Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Եուրօ 2024. Նետերլանտներու Ազգային Խումբը Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Երեքշաբթի գիշեր վերջ գտան Եուրոյի Բ. հանգրուանի մրցումները, եւ այժմ 7 մրցումներ մնացած են Եուրոյին, եւ առաւելագոյնը 3 մրցում` աւարտականի հասնելիք խումբերուն: Նետերլանտներու ազգային խումբը 3-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը տարաւ Ռումանիոյ դէմ մրցումին, հակառակ անոր քիչ մը դանդաղ սկսելուն: 14-րդ վայրկեանին Իտալիոյ Փարմա ակումբի յառաջապահ Տենիս Ման երկու մրցակիցներ խաղի բերելէ ետք քառակուսիին ծայրէն տուաւ զօրաւոր հարուած մը, որ...

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Յովէեան` Պրոնզէ Մետալակիր. Ջաւատեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Յովէեան` Պրոնզէ Մետալակիր. Ջաւատեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ կը շարունակուի ըմբշամարտի Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեանութիւնը: 63 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Եուրիկ Յովէեան դարձաւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր` յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` 14-4 արդիւնքով: Ռուսիան ներկայացնող հայրենակից Պապիկ Ջաւատեան դարձաւ 63 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան: Գասպար Տէրտէրեան (67 քկ) կիսաւարտականին 5-1 արդիւնքով յաղթեց իր հունգարացի մրցակիցին: Անոր աւարտականի մրցակիցը պիտի...

«Թուրք Ֆութպոլիստը Պէտք Է Պատժուի»

«Թուրք Ֆութպոլիստը Պէտք Է Պատժուի»

Աւստրիա - Թուրքիա (1-2) մրցումին երկրորդ կոլը նշանակելէ ետք, թուրք յետսապահ Մերիհ Տեմիրալ քաղաքական աղմուկ մը բարձրացուց եւ լարուած մթնոլորտ ստեղծեց հիւրընկալ երկիր Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ: Երէկ Թուրքիա իր մօտ հրաւիրեց Գերմանիոյ դեսպանը` աւելի մօտէն «հասկնալու» համար եղածը: Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Նանսի Ֆէյզըր պաշտօնական գանգատ ներկայացուցած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որ պատժէ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը զոյգ...

Քոփա Ամերիքա.  Պրազիլ – Քոլոմպիա` 1-1

Քոփա Ամերիքա. Պրազիլ – Քոլոմպիա` 1-1

Քոփա Ամերիքայի մրցումները շարունակուեցան երէկ: Վերջ գտան առաջին հանգրուանի խմբակներու մրցումները: Քալիֆորնիայի մէջ, Պրազիլ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոլոմպիայի հետ: Պրազիլ 12-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` գեղեցիկ ազատ հարուածով մը, Ռաֆինիայի շնորհիւ: Տանիէլ Միւնոս նշանակեց Քոլոմպիոյ հաւասարութեան կոլը: Քոլոմպիա, որ 2022-ի մարտէն ի վեր պարտութիւն չէ կրած, յաջորդական 10 յաղթանակներէ ետք հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Առաջին 15 վայրկեաններուն Վինիսիուս Ճունիոր...

Նըժմէ 9-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեան

Նըժմէ 9-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեան

Կիրակի, գիշեր, Լիբանանի Ա. դասակարգի իր վերջին մրցումին, Նըժմէ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Անսարը, 9-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Լիբանանի ախոյեան: 10 տարի բացակայութենէ ետք, Նըժմէ անգամ մը եւս դարձաւ ախոյեան, հաւասարելով Ահըտի, որ անցեալ երկու տարիներու ախոյեանն էր: Անսար 14 անգամ շահած է Լիբանանի ախոյեանութիւնը, 11-ը` յաջորդական (1987-1988 տարեշրջանէն մինչեւ 1998-1999), եւ վերջին անգամ` 2020-2021 տարեշրջանին: ՀՄԸՄ Պէյրութ 1940-ական,...

Եուրօ 2024.  Ֆրանսա Եւ Փորթուգալ Դժուարութեամբ Հասան Քառորդ Աւարտական

Եուրօ 2024. Ֆրանսա Եւ Փորթուգալ Դժուարութեամբ Հասան Քառորդ Աւարտական

Եուրօ 2024-ի մրցումները շարունակուեցան, ուր Ֆրանսա մեծ դժուարութիւն ունեցաւ կոլ նշանակելու Պելճիքայի լաւ պաշտպանուած բերդին մէջ. այսպէս, աշխարհի լաւագոյն 3-ին մէջ դասուած խումբերը բաւական «անհամ» առաջին կիսախաղ մը անցուցին: Ֆրանսա 8 առիթ ունէր, բայց միայն 1-ը լուրջ` Պելճիքայի կոլին վրայ, մինչ «կարմիրները» չվտանգեցին: Քեւին Տը Պրունյէ ազատ հարուածով քիչ մնաց խաբէր ֆրանսացի բերդապահ Մայք Մենեանը, սակայն վերջինս արթուն էր եւ...

Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նոր Մրցանիշը

Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նոր Մրցանիշը

Փորթուգալի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 39 տարեկանին տակաւին մրցանիշներ ձեռք կը ձգէ: Ան Վրաստանի դէմ մրցումին կատարած է սփրինթ մը, ուր արագութիւնը հասած է 32,7 քմ ժամականի, բարելաւելով իր մրցանիշը: Ան 39 տարեկանին աւելի արագ է, քան 27 տարեկանին` 2012-ի Եուրոյի մրցումներուն ժամանակ: Ստորեւ կը ներկայացնենք փորթուգալցի յառաջապահին արձանագրած լաւագոյն սփրինթներու արդիւնքները վերջին 4 Եուրոներուն: Եուրօ 2012-ին` 32 քմ...

Page 198 of 1281 1 … 197 198 199 … 1,281

Արխիւներ