Թուրքիոյ ազգային խումբի յետսապահ Մերիհ Տեմիրալ կախակայուեցաւ 2 մրցումով, ըստ գերմանական «Պիլտ»-ի:
Այս ձեւով ան պիտի բացակայի վաղը տեղի ունենալիք Նետերլանտներու դէմ մրցումէն, եւ հակառակ պարագային եթէ յաղթէ Թուրքիա, կիսաւարտականի մրցումէն ալ:
Յիշեցնենք, որ Տեմիրալի տուպլէին շնորհիւ Թուրքիա դուրս ձգած էր Աւստրիան, իսկ թուրք մարզիկը իր 2-րդ կոլը տօնած պահուն երկու ձեռքերու շարժումներով ներկայացուցած էր թուրք ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան խորհրդանիշը:
«Գորշ գայլեր»-ը համաթրքական նոր-ֆաշական, ահաբեկչական քաղաքական կազմակերպութիւն է: Ան կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ռազմական թեւը: «Գորշ գայլեր»-ը աւելի յայտնի են իրենց ծայրայեղ ազգայնական եւ հակահայ կեցուածքով: