Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդները (20 տարեկանէն վար) Լեռնալիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներու երթի 3-րդ հանգրուանի իրենց մրցումին պիտի մրցին Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ առաջին դիրքը կը գրաւէ 2 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, պիտի փորձէ ամէն գնով 3-րդ մրցումն ալ յաղթել խումբի մը դէմ, որ անցեալ շաբաթ 4-3 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Նըժմեթ Սահրայի դէմ, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի առաջին մրցակիցը եղած էր, ուր տղաքը 8-1 արդիւնքով ջախջախած էին: Թուղթի վրայ դիւրին մրցում մը պէտք է ըլլայ, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, երբ խումբերը 11 մարզիկներով դաշտ կը ներկայանան, ամէն ինչ հաւասար կը սկսի, մինչեւ այն ժամանակ, որ խումբ մը կը սկսի պայքարիլ, խմբային խաղ կը ցուցաբերէ եւ կոլ կը նշանակէ, այդ պահուն մրցակիցը կրնայ դիւրին կամ դժուար ըլլալ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը 12 կոլեր նշանակած են իրենց առաջին երկու մրցումներուն` ստանալով 2 կոլեր, մինչ Սաֆա Շուէյֆաթ 5 կոլեր նշանակած է` ստանալով 5 կոլի:
Ստորեւ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Այսօր` ժամը 12:00-ին, Շարքի դաշտին վրայ, Տապըլ Քիք – Սահել Մեթն վաղը` ժամը 10:00-ին Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ ժամը 12:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ, Նըժմեթ Սահրա-Շիյահ
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | ԿԷՏ |
1.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ | 6 (12-2) |
2.- Տապըլ Քիք | 3 (3-5) |
3.- Շիյահ | 3 (3-2) |
4.- Սահել Մեթն | 3 (2-3) |
5.- Սաֆա Շուէյֆաթ | 3 (5-5) |
6.- Նըժմեթ Սահրա | 0 (4-12) |