Հինգշաբթի գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը առանց լաւագոյն մարզիկ Ուաէլ Արաքժիի եւ խմբապետ Ամիր Սէուտի կրցաւ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել Անկոլայի դէմ 74-70 արդիւնքով եւ հասնիլ կիսաւարտական:
Կիսաւարտականին Լիբանան պիտի մրցի Պահամասի դէմ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 3 մարզիկներ ունի իր կազմին մէջ: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի մարզիկներ Պատի Հիլտ եւ Էրիք Կորտըն, ինչպէս նաեւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի մարզիկ Տէանտրէ Այթըն:
Հակառակ աշխարհի ազգային խումբերու դասաւորման մէջ 57-րդ դիրքը գրաւելուն, Պահամաս Բ. խմբակի իր մրցումներուն յաղթեց Լեհաստանին (աշխարհի թիւ 15) եւ Ֆինլանտային (թիւ 20): Պէտք է ըսել, որ աշխարհի թիւ 34 դասուած Անկոլա, որ օր մը առաջ միայն 8 կէտի տարբերութեամբ պարտուած էր թիւ 2 Սպանիայէն, շատ դժուար մրցակից էր:
Առաջին 2 մասերուն լաւ ձեւով պաշտպանուելէ ետք, Լիբանան 35-24 կէտի առաւելութեամբ մտաւ կիսախաղի դադար (19-13 եւ 16-11):
Սակայն պատահեցաւ չսպասուածը, եւ Անկոլա Գ. մասին լաւ խաղ կրցաւ կիրարկել եւ 1 կէտով առաւելութիւն ալ ունենալ մինչեւ 4-րդ մաս` նշանակելով 21 կէտ, Լիբանանի 9-ին դիմաց: 45-44 արդիւնքով ետ մնացած Լիբանանի տղաքը կրցան լաւ ճնշել Անկոլայի վրայ` եւ ստիպելով սխալներ գործել: Լիբանան կրցաւ նաեւ սթիլ ընել եւ նշանակել կարեւոր 3 կէտեր շատ կարեւոր վայրկեաններու: Քարիմ Զէյնուն առանձին 13 կէտեր նշանակեց, իսկ Սերժիօ Տարուիշ 2 անգամ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: 3 կէտնոց շատ կարեւոր կողովներ նշանակեցին նաեւ Ալի Հայտար, Օմարի Սփիլման եւ Եուսեֆ Խայյաթ:
Այսպիսով, Լիբանան հերոսական քայլ մը կատարեց մրցումի 4-րդ եւ վերջին մասին, ուր 10 վայրկեաններու ընթացքին տղաքը կրցան 30 կէտ նշանակել` ստանալով 25 կէտ:
Օմարի Սփելման մօտ 38 վայրկեան խաղցաւ եւ 22 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 13 ռիպաունտ: Քարիմ Զէյնուն 16 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 15 կէտ, մինչ Սերժիօ Տարուիշ 33 վայրկեանի ընթացքին նշանակեց 14 կէտ` կատարելով 6 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ: Ալի Հայտար եւ Եուսեֆ Խայյաթ 9-ական կէտեր նշանակեցին:
Այսօր ժամը 16:30-ին Լիբանան կը մրցի Պահամասի դէմ, մինչ միւս կիսաւարտականին Սպանիա պիտի մրցի Ֆինլանտայի դէմ, ժամը 21:30-ին: