Այս կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը (20 տարեկանէն վար) պիտի մրցի Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ:
Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի այս մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի փորձէ յաղթանակներու երթը շարունակել խումբի մը դէմ, որ Սահել Մեթն խումբէն պարտուած էր (2-1) իր առաջին մրցումին, բայց երկրորդ մրցումին, 4-3 արդիւնքով յաղթած Նըժմեթ Սահրային: Ըստ երեւոյթին, Սաֆա Շուէյֆաթի պաշտպանողականի գիծը տկար կէտեր ունի, եւ մեր տղաքը այդ թերութիւնը պէտք է օգտագործեն:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը 8-1 արդիւնքով յաղթած էր Նըժմեթ Սահրային ապա 4-1 արդիւնքով` Տապըլ Քիքին (2-րդ մրցումին):
Նշենք, որ Շիյահ խումբը 2-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք Տապըլ Քիքէն, կրցած էր 2-0 արդիւնքով յաղթել Սահել Մեթնին իր երկրորդ մրցումին: