Քոփա Ամերիքայի մրցումները շարունակուեցան երէկ: Վերջ գտան առաջին հանգրուանի խմբակներու մրցումները:
Քալիֆորնիայի մէջ, Պրազիլ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոլոմպիայի հետ:
Պրազիլ 12-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` գեղեցիկ ազատ հարուածով մը, Ռաֆինիայի շնորհիւ: Տանիէլ Միւնոս նշանակեց Քոլոմպիոյ հաւասարութեան կոլը:
Քոլոմպիա, որ 2022-ի մարտէն ի վեր պարտութիւն չէ կրած, յաջորդական 10 յաղթանակներէ ետք հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Առաջին 15 վայրկեաններուն Վինիսիուս Ճունիոր դեղին քարտ մը ստացաւ, երբ սխալմամբ հարուածեց Խամես Ռոտրիկեսի ոտքին, գնդակի մը համար պայքարելու ժամանակ, այս պատճառով ալ ան պիտի բացակայի Ուրուկուէյի դէմ քառորդ աւարտականի մրցումէն: Նոյն ազատ հարուածէն Ռոտրիկես քիչ մնաց նշանակէր Քոլոմպիոյ առաջին կոլը, բայց գնդակը քանի մը սանթիմեթր հեռու էր բերդէն: Ռաֆինիայի կոլէն ետք, Տաւինսըն Սանչես գլխու հարուածով կոլ մը նշանակեց, բայց օֆսայտ նկատուեցաւ, քանի մը վայրկեանի ընթացքին ՎԱՐ-ի կողմէ վաւերացուելէ ետք:
42-րդ վայրկեանին, Վինիսիուս փենալթի պահանջեց, երբ գետին ինկաւ Քոլոմպիոյ մեծ քառակուսիին մէջ, սակայն կրկնութիւնները դիտելէ ետք յստակ էր, որ յետսապահը գնդակին դպած էր եւ ոչ թէ Վինիսիուսի ոտքին:
Բ. կիսախաղին, Ռաֆինիա ազատ հարուած մը եւս ուղղեց, սակայն գնդակը քիչ մը շեղեցաւ նպատակէն:
Քոլոմպիա իր կարգին քանի մը առիթ ունեցաւ Պրազիլի բերդին վրայ, սակայն մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Դ. խմբակին երկրորդ մրցումին, Քոսթա Ռիքա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փարակուէյը: Քալվօ եւ Ալքոսեր նշանակեցին Քոսթա Ռիքայի կոլերը առաջին 7 վայրկեաններուն, մինչ Ռամոն Սուա 55-րդ վայրկեանին նշանակեց Փարակուէյի միակ կոլը:
Քառորդ աւարտականին, Արժանթին պիտի մրցի Էքուատորի դէմ, Վենեզուելա պիտի մրցի Քանատայի դէմ, Քոլոմպիա` Փանամայի դէմ, իսկ Պրազիլ` Ուրուկուէյի դէմ:


