Նովի Սատի (Սերպիա) մէջ տեղի ունեցող 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Էրիք Տէր Մաթեւոսեան 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր խրուաթ մրցակիցը եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալ մը 82 քկ կշիռի մրցումներուն:
97 քկ կշիռի մասնակից Արշակ Գեղամեան 10-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր լեհ մրցակիցէն եւ կորսնցուց պրոնզ մետալ շահելու իր յոյսը:
67 քկ կշիռի մրցումներուն Ռուսիան ներկայացնող Հրայր Յովհաննէսեան 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեանը աւարտական մրցումին:
Գասպար Տէրտէրեան արծաթ մետալ շահեցաւ:
Նշենք, որ երէկ ըմբշամարտի աշխարհը խոր կսկիծի մէջ էր, երբ տարածուեցաւ վրացի ըմբիշ Նուկզարի Ցուրցումիայի մահուան լուրը:
27 տարեկան Ցուրցումիա տեսակաւոր մետալներ շահելէ ետք միջազգային զանազան մրցաշարքերու ընթացքին 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն դարձած էր աշխարհի ախոյեան` 55 քկ կշիռի դասակարգին մէջ:
Այս վերջին ամիսներուն ան կորսնցուցած էր իր հայրը, եղբայրը եւ մայրը: Ան անձնասպան եղած կը թուի ըլլալ:


