Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Նետերլանտներու Ազգային Խումբը Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Յուլիս 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր վերջ գտան Եուրոյի Բ. հանգրուանի մրցումները, եւ այժմ 7 մրցումներ մնացած են Եուրոյին, եւ առաւելագոյնը 3 մրցում` աւարտականի հասնելիք խումբերուն:

Նետերլանտներու ազգային խումբը 3-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը տարաւ Ռումանիոյ դէմ մրցումին, հակառակ անոր քիչ մը դանդաղ սկսելուն:

14-րդ վայրկեանին Իտալիոյ Փարմա ակումբի յառաջապահ Տենիս Ման երկու մրցակիցներ խաղի բերելէ ետք քառակուսիին ծայրէն տուաւ զօրաւոր հարուած մը, որ քիչ մը բարձր էր Նետերլանտներու բերդէն:

Այս առիթէն ետք, Ռոնալտ Քումանի մարզած «Նարնջագոյն»-ները, որոնք կապոյտ տարազով կը խաղային, հետզհետէ բարելաւեցին իրենց խաղաոճը, եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Քոտի Կաքփօ խաղի բերելէ ետք մրցակից մը քառակուսիին մէջէն անզսպելի հարուածով մը անշարժացուց Ռումանիոյ բերդապահ Ֆլորին Նիթան (37 տարեկան)` նշանակելով առաջին կոլը:

6 վայրկեան ետք, քոռնըրէ մը ետք Ինթեր Միլանի պաշտպան Շթեֆան Տը Վրայ մրցակիցէ մը աւելի բարձրանալով գլխու հարուածով փորձեց գրաւել Ռումանիոյ բերդը, բայց գնդակը քիչ մը շեղեցաւ իր նպատակէն:

44-րդ վայրկեանին Ինթեր Միլանի աջ կողմի պաշտպան Տենզել Տումֆրիզ փոխանցում մը կատարեց դէպի քառակուսի, սակայն Չաւի Սիմոնզի հարուածը անցաւ Ռումանիոյ բերդին աջ սիւնին քովէն:

54-րդ վայրկեանին, Նետերլանտներու յարձակումի մը զսպուելէն ետք գնդակը հասաւ Մեմֆիս Տեփայի, որ ուժգին հարուածով փորձեց նշանակել կոլ մը, սակայն մրցակից մը կրցաւ զսպել զայն:

4 վայրկեան ետք, Լիվըրփուլի կեդրոնի պաշտպան Վիրճիլ Վան Տայք քոռնըրէ մը ետք գլխու զօրաւոր հարուածով խաբեց բերդապահը, սակայն բերդին աջ սիւնը «զսպեց» անոր հարուածը…

62-րդ վայրկեանին, Կաքփօ անգամ մը եւս առանձին սուրաց դէպի Ռումանիոյ քառակուսի եւ ծայրէն ուղղեց ուժգին հարուած մը, զոր համակիրները կոլ կարծեցին, սակայն Նեթա վարպետօրէն զսպեց զայն: Քիչ ետք նոյնինքն Կաքփօ զսպուած գնդակ մը նշանակեց` զայն զետեղելով բերդին վերի բաժինը: Արդիւնք 2-0:

Համակիրները պահ մը սպասեցին ՎԱՐ-ի իրաւարարներուն, որ վաւերացնեն կոլը, սակայն արդիւնքը 1-0-ի վերադարձաւ, որովհետեւ յարձակումին սկիզբը օֆսայտի դիրքի վրայ մարզիկ մը կար:

68-րդ վայրկեանին ազատ հարուածով մը Մեմֆիս Տեփայ քառակուսիին ծայրէն հարուածեց, սակայն գնդակը բերդին ձախ սիւնին քովէն դուրս ուղղուեցաւ:

Դաշտ մուտք գործելէն 4 վայրկեան ետք Միքի Վան Տը Վեն գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք ուղղեց ուժգին հարուած մը, որ սակայն անցաւ մրցակիցի բերդին աջ սիւնին քովէն:

80-րդ վայրկեանին, Քոտի Կաքփոյի գնդակը կ՛ուղղուէր դէպի Ռումանիոյ բերդը, սակայն մրցակից մը գիծին վրայէն փրկեց Ռումանիան:

83-րդ վայրկեանին Կաքփօ ձախ կողմէն խաբելէ ետք 2 մրցակից եւ բերդի գիծին վրայէն գնդակը փոխանցելէ ետք Մալենին, այս վերջինը գնդակը դիւրութեամբ զետեղեց բերդին մէջ, մանաւանդ որ բերդապահը պաշտպաններուն հետ աջ կողմ ուղղուած էր Կաքփոյին կասեցնելու:

93-րդ վայրկեանին Տորթմունտի յառաջապահ Տոնիել Մալեն դաշտի կեդրոնէն ստացաւ գնդակը, կրցաւ 2 մարզիկներու մէջէն մտնել եւ քառակուսի մտնելուն պէս ուղղեց զօրաւոր հարուած մը` գնդակը զետեղելով Նիթոյի բերդին մէջ, արդիւնք` 3-0:

Աւելի ուշ, Աւստրիա սխալներով հարուստ մրցումի մը ընթացքին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թուրքիոյ դէմ մրցումին:

Պաշտպանողական գիծի սխալէն օգտուելով Թուրքիա առաջին վայրկեանին կոլ մը նշանակեց: Բ. կիսախաղին ալ քոռնըրէ մը ետք արդիւնքը բարձրացաւ 2-ի, որմէ ետք Աւստրիա ամբողջովին տիրապետեց եւ կոլ մըն ալ նշանակեց Ֆրայպուրկի յառաջապահ Միքայէլ Կրեկորիչի շնորհիւ, սակայն մեծ թիւով առիթներ չկրցաւ օգտագործել, մանաւանդ Լայփցիկի միջնապահ Քրիսթոֆ Պաումկարթնըրի գլխու հարուածներով` 85-րդ եւ 94-րդ վայրկեաններուն:

Այժմ 8 խումբեր հասած են քառորդ աւարտական, եւ ուրբաթ (2 մրցում) եւ շաբաթ օր կ՛աւարտին քառորդ աւարտականի մրցումները:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կոլ-սքորըրներու ցանկը եւ քառորդ աւարտականի յայտագիրը.

ԿՈԼԷՍԻՍԹ
1.- Քոտի Կաքփօ (Նետերլանտներ)31
Ճորճ Միքաութածէ (Վրաստան31
2.- Ժամալ Մուսիալա (Գերմանիա)30
Իվան Շրունց (Սլովաքիա)30
3.- Ֆապիան Ռուիս (Սպանիա)22
4.- Քայ Հավերթց (Գերմանիա)21
5.- Ճուտ Պելինկհամ (Անգլիա)20
Նիքլաս Ֆիւլքրուկ (Գերմանիա)20
Հերի Քէյն (Անգլիա)20
Տոնիլ Մալեն (Նետերլանտներ)20
Ռազվան Մարին (Ռումանիա)20
Մերիհ Տեմիրալ (Թուրքիա)20

Ուրբաթ ժամը 19:00-ին, Սպանիա-Գերմանիա (Շթութկարթի մէջ)
Ժամը 22:00-ին Փորթուգալ-Ֆրանսա (Համպուրկի մէջ)
Շաբաթ ժամը 19:00-ին Անգլիա-Զուիցերիա (Տիւսելտորֆի մէջ)
Ժամը 22:00-ին Նետերլանտներ-Թուրքիա (Պերլինի մէջ)

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Յովէեան` Պրոնզէ Մետալակիր. Ջաւատեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Անկոլա

RelatedPosts

«Պունտըսլիկա».   Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

Հոկտեմբեր 27, 2025
Մարմնամարզութիւն.  Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ.  Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց,  Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց
Մարզական

Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ. Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց, Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?