Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ կը շարունակուի ըմբշամարտի Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:
63 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Եուրիկ Յովէեան դարձաւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր` յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` 14-4 արդիւնքով:
Ռուսիան ներկայացնող հայրենակից Պապիկ Ջաւատեան դարձաւ 63 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան:
Գասպար Տէրտէրեան (67 քկ) կիսաւարտականին 5-1 արդիւնքով յաղթեց իր հունգարացի մրցակիցին: Անոր աւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուսահայ Հրայր Յովհաննէսեան:
82 քկ կշիռի հայ ներկայացուցիչ Էրիք Տէր Մաթեւոսեան կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրեց եւ պիտի մրցի պրոնզէ մետալին համար:
97 քկ կշիռի մասնակից Արշակ Գեղամեան 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գերմանացի իր մրցակիցէն:
77 քկ կշիռի մասնակից Հենրիկ Գէորգեան իր կարգին պարտութիւն կրելով դուրս մնաց:


