Փորթուգալի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 39 տարեկանին տակաւին մրցանիշներ ձեռք կը ձգէ:
Ան Վրաստանի դէմ մրցումին կատարած է սփրինթ մը, ուր արագութիւնը հասած է 32,7 քմ ժամականի, բարելաւելով իր մրցանիշը:
Ան 39 տարեկանին աւելի արագ է, քան 27 տարեկանին` 2012-ի Եուրոյի մրցումներուն ժամանակ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք փորթուգալցի յառաջապահին արձանագրած լաւագոյն սփրինթներու արդիւնքները վերջին 4 Եուրոներուն:
Եուրօ 2012-ին` 32 քմ ժամական, 2016-ին` 29,1 քմ ժամական, 2020-ի Եուրոյին` 29,7 քմ ժամական, իսկ 2024-ի Եուրոյին 32,7 քմ ժամական:


