Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Ֆրանսա Եւ Փորթուգալ Դժուարութեամբ Հասան Քառորդ Աւարտական

July 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եուրօ 2024-ի մրցումները շարունակուեցան, ուր Ֆրանսա մեծ դժուարութիւն ունեցաւ կոլ նշանակելու Պելճիքայի լաւ պաշտպանուած բերդին մէջ. այսպէս, աշխարհի լաւագոյն 3-ին մէջ դասուած խումբերը բաւական «անհամ» առաջին կիսախաղ մը անցուցին: Ֆրանսա 8 առիթ ունէր, բայց միայն 1-ը լուրջ` Պելճիքայի կոլին վրայ, մինչ «կարմիրները» չվտանգեցին: Քեւին Տը Պրունյէ ազատ հարուածով քիչ մնաց խաբէր ֆրանսացի բերդապահ Մայք Մենեանը, սակայն վերջինս արթուն էր եւ զսպեց ուղղութիւնը փոխած գնդակը:

Բ. կիսախաղին, Ֆրանսա շարունակեց տիրապետել, սակայն Պելճիքա աւելի վտանգեց Ֆրանսայի բերդը:

49-րդ վայրկեանին ստեղծուեցաւ մրցումին ամէնէն լուրջ առիթը, երբ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Օրելիեն Չուամենի տուաւ շատ զօրաւոր հարուած մը, զոր զսպեց բերդապահ Քոեն Քասթիլս դէպի քոռնըր:

Քիչ ետք, Ժիւլ Քունտէի փոխանցումէն ետք, Մարքուս Թիւրամ գլխու հարուածով քիչ մնաց նշանակէր Ֆրանսայի առաջին կոլը:

54-րդ վայրկեանին, Քիլիան Էմպափէ, որ դիմակով կը խաղայ, 2 մրցակիցներ անցնելէ ետք, քառակուսիին ծայրէն հարուածեց բայց հարուածը քիչ մը բարձր էր:

61-րդ վայրկեանին, Տը Պրունյէի փոխանցումէն ետք, Եաննիք Քառասքօ գլխու հարուածով ոսկի առիթ մը կորսնցուց, եւ գնդակը զսպուեցաւ դէպի քոռնըր:

71-րդ վայրկեանին Ռոմելոս Լուքաքու սուրաց դէպի Ֆրանսայի քառակուսի` գնդակը հարուածելով բերդի կեդրոնը, ուր Մենեան զսպեց զայն:

83-րդ վայրկեանին, Տը Պրունյէ զօրաւոր հարուած մը տուաւ քառակուսիին ծայրէն, բայց Մենեան դիւրութեամբ զսպեց:

2 վայրկեան ետք, Քոլօ-Մուանի, որ փոխարինած էր Թիւրամը, փորձեց հարուածել դէպի Պելճիքայի բերդը, սակայն պաշտպան Եան Վերթոնկեն ուղղութիւնը փոխելով սխալմամբ խաբեց իր բերդապահը եւ նշանակեց Ֆրանսայի եւ մրցումին միակ կոլը:

Ֆրանսա իր 4-րդ մրցումին առայժմ նշանակած է 3 կոլ, ուր մրցակից մարզիկներ 2 կոլ նշանակած են (սխալմամբ), իսկ 3-րդ կոլը նշանակեց Քիլիան Էմպափէ Լեհաստանի դէմ (փենալթիով):

Օրուան երկրորդ մրցումին, Փորթուգալ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք ստիպուեցաւ փենալթիով վճռել քառորդ աւարտականի իր տոմսը` դուրս ձգելով Սլովենիան:

Սլովենիա, որ առաջին անգամ ըլլալով Բ. հանգրուան կը հասնէր կարեւոր միջազգային մրցաշարքի մը, բաւական լաւ պաշտպանեց եւ կրցաւ իր կարգին վտանգել Տիոկօ Քոսթայի բերդը քանի մը առիթով:

Թերեւս աւելի ճիշդ է ըսել, որ Փորթուգալ իր առիթները չկրցաւ կոլի վերածել, երբեմն շատ փոխանցելով Ռոնալտոյին, երբեմն ալ վերջին հարուածը բաւարար ուժգին չըլլալով, անշուշտ պէտք չէ մոռնալ Սլովենիոյ բերդապահ Եան Օպլաքի ալ հերոսութիւնները:

Անհատաբար, Փորթուգալ շատ լաւ խումբ մըն է, ուր աջ կողմէն պաշտպան Ժուաօ Քանսելօ եւ ձախ կողմէն Նունօ Մենտեզ թէ՛ լաւ կը պաշտպանեն եւ թէ՛ ալ յարձակումներ կը կազմակերպեն:

Միջնապահ եռեակը` Ժոաօ Փալինիա – Պրոնօ Ֆեռնանտեշ-Վեթինիա, շատ աշխուժ ֆութպոլ կը խաղան, մինչ յառաջապահ եռեակը համեմատաբար աւելի նուազ թափով, մանաւանդ Պեռնարտօ Սիլվա – Ռոնալտօ զոյգը, մինչ Ռաֆայէլ Լէաօ երբեմն շատ գնդակը պահելով «համը կը փախցնէ»:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Փորթուգալ լաւ ձեւով սկսաւ զայն, եւ կեդրոնի պաշտպան Ռուպեն Տիաշ 5-րդ վայրկեանին հարուած մը փորձեց քառակուսիին ներսէն, բայց գնդակը անցաւ Սլովենիոյ բերդի աջ սիւնին քովէն:

13-րդ վայրկեանին Պեռնարտօ Սիլվա լաւ փոխանցում մը կատարեց Պրունօ Ֆեռնանտեզի, որ սակայն չկրցաւ հասնիլ գնդակին:

34-րդ վայրկեանին, ազատ հարուածով մը, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ քիչ մնաց նշանակէր բացման կոլը, բայց գնդակը քանի մը սանթիմեթր բարձր էր:

47-րդ վայրկեանին, կիսախաղ չեղած Ժուաօ Փալինիա կրցաւ զօրաւոր ձեւով հարուածել դէպի Օպլաքի բերդը, սակայն բերդին սիւնը զսպեց անոր հարուածը:

Բ. կիսախաղին շարունակուեցաւ Փորթուգալի ճնշումը, եւ Պեռնարտօ Սիլվա (47) եւ Ռոնալտօ (55) չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին:

62-րդ վայրկեանին, Պենիամին Շեշքօ «խուժեց» Փորթուգալի քառակուսին, բայց չկրցաւ լաւ ձեւով հարուածել գնդակը, որ Քութայի բերդին քովէն անցաւ:

90-րդ վայրկեանին, Ռոնալտօ քիչ մը յառաջացաւ եւ ռմբային հարուած մը տուաւ, սակայն Օպլաք զսպեց անոր հարուածը:

Դիմուեցաւ երկարաձգման: 5-րդ վայրկեանին Պենիամին Վերպիչ Փորթուգալի մեծ քառակուսիին ծայրէն հարուածեց, բայց մրցակից մը պատրաստ էր եւ զսպեց հարուածը դէպի քոռնըր:

103-րդ վայրկեանին, Տիոկօ Ժոթա մտաւ Փորթուգալի մեծ քառակուսի, ուր 4 պաշտպաններ փորձեցին կասեցնել անոր յառաջխաղացքը: Ժոթա Տրքուշիչի ոտքին կախուելով ինկաւ եւ… փենալթի: Դաշտը պայթած էր, փորթուգալցիները` իրենց ուրախութեամբ, սլովենիացիները` գանգատներով:

ՎԱՐ-ին դիմուեցաւ, եւ իտալացի իրաւարար Տանիելէ Օրսաթօ հաստատեց իր որոշումը:

39 տարեկան Ռոնալտօ, որ 200-է աւելի փենալթիներ նշանակած է, հարուածեց Սլովենիոյ բերդապահին ձախ կողմէն: Օպլաք ոստում կատարեց եւ դպաւ գնդակին, որ դպնալէ ետք սիւնին ուղղուեցաւ դէպի քոռնըր:

Յաւելեալ Բ. կիսախաղին, Փալինիա գլխու հարուածով փորձեց գրաւել Օպլաքի բերդը, վերջինս հերոսանալով փրկեց այս առիթն ալ:

115-րդ վայրկեանին, 41 տարեկան Փեփէ Փորթուգալի դուրս ելլելուն պատճառ պիտի ըլլար, երբ չկրցաւ լաւ ձեւով փոխանցում կատարել խմբակիցի մը: Պենիամին Շեշքօ օգտուեցաւ փոխանցումէն եւ սուրաց դէպի Փորթուգալի բերդը, սակայն բերդապահ Քոսթա անոր հարուածը փրկեց` վերջ դնելով մրցումին առիթներուն, եւ դիմուեցաւ փենալթիներու:

Վճռող փենալթիներուն, Տիոկօ Քոսթա հանդիսացաւ Փորթուգալի թիւ 1 հերոսը զսպելով Եոսիփ Իլիչիչի, Եուրէ Պալքովեչի եւ Պենիամին Վերպիչի փենալթիները: Փորթուգալ իր փենալթիները նշանակեց Ռոնալտոյի, Պրունօ Ֆեռնանտեշի եւ Պեռնարտօ Սիլվայի միջոցով, եւ 3-0 արդիւնքով յաղթեց: Ուրբաթ օր, ժամը 22:00-ին Փորթուգալ պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ, քառորդ աւարտականի մրցումին: Ռոնալտօ ներողութիւն խնդրեց համակիրներէն նախապէս, մրցումի ժամանակ փենալթին կորսնցնելուն պատճառով:

 

 

 

Նախորդը

Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նոր Մրցանիշը

Յաջորդը

Նըժմէ 9-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.