Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Սիլվըրսթոնի Կրան Փրին

Յուլիս 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Սիլվըրսթոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Բրիտանիոյ կրան փրին, որ կը հանդիսանայ այս տարուան 12-րդ կրան փրին: Այս տարի տեղի պիտի ունենան 24 կրան փրիներ (մրցանիշ), եւ այս մրցումի աւարտին հասած կ՛ըլլանք տարուան կիսուն, եւ յաջորդաբար 3 շաբաթ կրան փրի կատարելէ ետք, մրցակիցները դադար կ՛առնեն 14 օր` մինչեւ Հունգարիոյ կրան փրին` Հունգարորինկի մէջ:

Սիլվըրսթոնի կրան փրին բաղդատմամբ վերջին տարիներուն հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ, մանաւանդ որ Ռետ Պուլի մենատիրութիւնը աւարտած կը թուի ըլլալ, եւ Մաքլարեն ու Մերսետես միացած են Ֆեռարիին` պայքարելու համար Ռետ Պուլի դէմ: Այժմու պատկերին համեմատ Մաքլարեն ամէնէն լուրջ մրցակիցն է, մանաւանդ որ Ֆեռարի քիչ մը ետ մնացած է Մոնաքոյի մրցումէն ետք: Ֆեռարիի վարորդ Քարլոս Սայնց շատ զգացական ժամանակ կ՛անցընէ, մանաւանդ որ իր ապագան մութ է: Անոր պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ Ֆեռարիի հետ այս տարի, եւ 2025-ին խումբի հետ կապուած չէ, մանաւանդ որ 2026-ին պիտի միանայ Աուտիի, որ մուտք պիտի գործէ Ֆորմիւլա 1-ի աշխարհ:

Մերսետեսի պարագային Ճորճ Ռասըլ աւելի կեդրոնացած է, քան 7 անգամ աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն, որ կարծէք այժմէն իսկ կը մտածէ յառաջիկայ տարուան իր խումբին` Ֆեռարիի մասին: Ռետ Պուլի վիճակը այդքան ալ լաւ չի թուիր ըլլալ: Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն առանձին կը մրցի կարծէք, եւ վերջին տարիներուն նման բաւարար օգնութիւն չի ստանար իր խմբակից Սերխիօ Փերեսէն, որ ամիս մը առաջ պայմանագրութիւն նորոգելէ ետք Ռետ Պուլի հետ, կը սպասուէր, որ աւելի լուրջ պայքարի եւ օգնէ իր խմբակիցին:

Մաքլարեն լաւագոյն խումբն է այժմ, ուր բրիտանացի Լանտօ Նորիս եւ աւստրալիացի Օսքար Փիասթրի ամենայն լրջութեամբ կը պայքարին բոլոր մրցումներուն նոյն լրջութեամբ:

Անցեալ շաբաթ արկած մը ունենալէ ետք ախոյեան Վերշթափընի հետ, Նորիս ձեւով մը աւելի հանդարտ էր վերջին քանի մը օրերուն, մանաւանդ երբ մրցումէն ետք ըստ երեւոյթին ուսումնասիրելէ եւ վերլուծելէ ետք արկածին տեսանիւթը, նկատած է, որ Վերշթափըն դիտմամբ իրեն չէ զարնուած, եւ այժմ ներողութիւն չի սպասեր Վերշթափընէն, ինչպէս կը պահանջէր մրցումի առաջին երկու օրերուն:

Յամենայն դէպս, Սիլվըրսթոն շրջավազքը, որ 1950-էն ի վեր կը գործէ Ֆորմիւլա 1-ի օրացոյցին վրայ, 5,891 քմ երկարութիւն ունի:

Շրջավազքի մրցանիշը կը պատկանի Վերշթափընի, որ 2020-ին ձեռք ձգած է ամէնէն արագ շրջանը` արձանագրելով 1.27.097 վայրկեան:

Ամէնէն շատ փոլ փոզիշըն շահած է Լուիս Համիլթըն (7 անգամ) եւ ամէնէն շատ այս կրան փրին շահած է նոյնինքն Համիլթըն (8 անգամ):

2023-ին տեղի ունեցած են 50 տուպլէներ (ուր մրցակիցներ դիրքեր փոխանակած են):

Լայն եւ արագ շրջավազքի վրայ հաւանականութիւն կայ արկածներու, եւ 89 տոկոսով հաւանական է, որ Սէյֆթի-քար իջնէ առնուազն անգամ մը, մրցումի պահուն:

Բրիտանիոյ ամառը կրնայ շատ փոփոխութիւններ կրել օդերեւութական գետնի վրայ, ուր անակնկալ անձրեւներ կրնան տեղալ:

 

 

Նախորդը

Եուրօ 2024. Տեմիրալ 2 Մրցումով Կախակայուած

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Անկոլային Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?