Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Թեն Հակ երէկ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2026:
Աւելի կանուխ յայտնի դարձած էր, որ Եունայթըտ պիտի պահէ Նետերլանտներու մարզիչ Թեն Հակը, որ 2022-ին եկած էր Այաքս Ամսթերտամը լքելէ ետք:
54 տարեկան Թեն Հակի հետ Մանչեսթըր Եունայթըտ անցեալ տարեշրջանին 38 մրցումներու ընթացքին 60 կէտ շահած էր եւ գրաւած ախոյեանութեան 8-րդ դիրքը: Ան կրցած էր շահիլ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը` աւարտականին յաղթելէ ետք ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Եունայթըտ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքին մասնակցութեան իրաւասութիւն ունենայ: Տարի մը առաջ, Թեն Հակի հետ Եունայթըտ կրցած էր շահիլ Անգլիոյ լիկայի բաժակը:


