Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Այսօր Կիսաւարտականի Առաջին Մրցումը` Սպանիա – Ֆրանսա

July 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 22:00-ին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Եուրօ 2024-ի կիսաւարտականի առաջին մրցումը` Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:

Սպանիա իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց այս Եուրոյին, եւ վերջին` մրցաշարքի ամէնէն հետաքրքրական մրցումին կրցաւ 119-րդ վայրկեանին կոլ նշանակելով դուրս ձգել հիւրընկալ Գերմանիան:

Քառորդ աւարտականի այս մրցումին, 8-րդ վայրկեանին, Թոնի Քրուսի ֆաուլէն ետք Պարսելոնայի միջնապահ Փետրի վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Տանի Օլմոյով: 13-րդ վայրկեանին եւ 28-րդ վայրկեանին Ռուտիկըր եւ Ռաում դեղին քարտեր ստացան, մինչ 29-րդ վայրկեանին Ռոպին Լը Նորմանտ (Սպանիա) իր կարգին դեղին քարտ ստացաւ:

Կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Նաչօ Ֆեռնանտես` փոխարինելով Լը Նորմանտը, մինչ Գերմանիոյ կողմէն դաշտ ներկայացան Ռոպերթ Անտրիշ եւ Ֆլորիան Վիրց` փոխարինելով Էմրէ Չանը եւ Լիրոյ Սանէն (վիրաւոր): Մինչեւ կիսախաղ Սպանիա համեմատաբար աւելի լաւ էր, սակայն Գերմանիա 3 անգամ կրցած էր Սպանիոյ բերդը լրջօրէն վտանգել:

Բ. կիսախաղին, հազիւ 5 վայրկեան անցած հակայարձակումի մը վրայ, Լամին Եամալ աջ կողմէն ճեղքեց եւ արագ փոխանցում մը կատարեց կեդրոն` Օլմոյին, որուն հարուածը անհասանելի էր Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նոյըրի համար` նշանակելով մրցումի առաջին կոլը:

Այս կոլէն ետք մրցումը տարբեր ուղղութիւն առաւ, որովհետեւ Գերմանիա իր բոլոր մարզիկներով յարձակումի անցաւ: Դաշտ ներկայացան Մաքսիմիլիան Միթելշթատթ եւ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ` փոխարինելով Տաւիտ Ռաումը եւ Իլքայ Կիւնտողանը: 69-րդ վայրկեանին Անտրիշի հարուածը զսպեց Սպանիոյ բերդապահ Ունայ Սիմոն:

71-րդ վայրկեանին Քայ Հավերթցի առիթը զսպուեցաւ: 77-րդ վայրկեանին Ֆիւլքրուկին առիթ ստեղծուեցաւ, եւ անոր արագ հարուածը Սիմոնի բերդին աջ սիւնը ցնցեց: 80-րդ վայրկեանին, յարձակումը աւելի լրջացնելու միտումով, կեդրոնի յետսապահ Եոնաթան Թահը փոխարինեց Միքայել Մերինոյով:

82-րդ վայրկեանին Սիմոն լաւապէս չկրցաւ հարուածել բերդին, եւ գնդակը հասաւ Քայ Հավերթցի, որ նկատելով, որ բերդապահ Սիմոն յառաջացած է, փորձեց լոպ մը ընել, բայց գնդակը Ինկաւ բերդի ուռկանին վրայ: 89-րդ վայրկեանին, երկար փոխանցում մը ստանալէ ետք, Եոշուա Քիմիչ գլխու հարուածով փոխանցեց դէպի կեդրոն, ուր վրայ հասնելով Ֆլորիան Վիրց գնդակը «գամեց» Սպանիոյ բերդին մէջ` նշանակելով հաւասարութեան կոլը:

91-րդ վայրկեանին, Թոմաս Միւլըր վոլէով փորձեց նշանակել յաղթանակի կոլը, բայց գնդակը քիչ մը շեղեցաւ նպատակէն:

Դիմուեցաւ երկարաձգման: Միքել Օյարսապալ 104-րդ վայրկեանին հարուածեց Նոյըրի բերդին ուղղութեամբ, բայց գնդակը քիչ մը շեղ էր: 106-րդ վայրկեանին Վիրց առիթ ունեցաւ 2-րդ կոլ մը նշանակելու, սակայն անոր հարուածը աջ սիւնին մօտէն անցաւ:

Բ. կիսախաղին 2 վայրկեան եղած էր, երբ Մուսիալայի հարուածը զսպուեցաւ Քուքուրելիայի ձախ ձեռքով, եւ գերմանացի մարզիկները գանգատեցան փենալթի պահանջելով: Տեսարաններու կրկնութիւնները փաստեցին, որ գնդակը յստակօրէն դպած էր ձեռքին, սակայն ըստ իրաւարարին եւ ՎԱՐ-ին, մարզիկին ձեռքը սխալ վիճակի մէջ չէր, այլ բնական վիճակի մէջ, եւ գնդակին հասնելու կամ զսպելու համար փորձ չէր կատարուած:

117-րդ վայրկեանին Ֆիւլքրուկի զօրաւոր հարուածը զսպեց Ունայ Սիմոն: 119-րդ վայրկեանին, Տանի Օլմօ օվըր մը բարձրացուց դէպի Գերմանիոյ քառակուսի, եւ Միքել Մերինօ գլխու հարուածով կրցաւ գնդակը զետեղել Մանուէլ Նոյըրի բերդին վերի աջ անկիւնին մէջ` նշանակելով Սպանիոյ 2-րդ կոլը:

Մերինոյի համար յատուկ էր այս կոլը, որովհետեւ իր հայրը` Միկել Մերինօ 1991-ին Շթութկարթի դէմ մրցումին (Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի բաժակի գծով) նոյն դաշտին վրայ կոլ նշանակած էր եւ տօնած քոռնըրի դրօշին շուրջ դառնալով: 125-րդ վայրկեանին, Տանի Քարվախալ, որ արդէն իսկ ստացած էր դեղին քարտ եւ կիսաւարտականի մրցումէն կախակայուած, կարմիր քարտ մը ստացաւ` յարձակում մը կասեցնելու պատճառով:

Աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ Ֆրանսա-Փորթուգալ մրցումը, որ բնաւ չէր նմաներ Սպանիա-Գերմանիա հետաքրքրական մրցումին:

Այս մրցումին ալ երկարաձգման դիմուեցաւ, որովհետեւ երկու խումբերը չկրցան կոլ նշանակել նոյնիսկ երկարաձգման:

Հետաքրքրականը այն է, որ երկու խումբերն ալ աստղերով հարուստ խումբեր ունին, եւ իրենց խմբակներու խաղերէն ետք կոլ չկրցան նշանակել: Ֆրանսա առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Աւստրիոյ, շնորհիւ աւստրիացի մարզիկի մը (Վոպըր) սխալմամբ իր բերդին մէջ զետեղած գնդակին: Ապա Նետերլանտներու դէմ սպիտակ հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Լեհաստանի դէմ: Մրցումի երկու կոլերն ալ փենալթիներով նշանակուեցան: Բ. հանգրուանին, Ֆրանսա դուրս ձգեց Պելճիքան շնորհիւ Վերթոնկընի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) կոլին, իսկ Փորթուգալի դէմ չկրցաւ կոլ նշանակել:

Փորթուգալ մրցաշարքին սկիզբը կոլ նշանակելու հարց չունէր, եւ Չեխիոյ (2-1) եւ Թուրքիոյ (3-0) յաղթելէ ետք, պարտութիւն մը կրած էր Վրաստանէն (2-0): Ապա փենալթիներով դուրս ձգած էր Սլովենիան (0-0):

Ֆրանսայի դէմ, բերդապահ Տիոկօ Քոսթա չկրցաւ զսպել Տեմպելէի, Ֆոֆանայի, Քունտէի, Պարքոլայի եւ Թէօ Հեռնանտեսի հարուածները: Ան նախկին մրցումին 3 փենալթիներ զսպած էր (Սլովենիոյ դէմ):

Միւս կողմէ, Ռոնալտօ, Պեռնարտօ Սիլվա, եւ Նունօ Մենտեշ կրցան նշանակել իրենց փենալթիները, մինչ Ժոաօ Ֆելիքսի հարուածը զսպած էր Ֆրանսայի բերդին սիւնը:

Միւս կիսաւարտականը իրար դէմ պիտի հանէ Անգլիան եւ Նետերլանտները: Չորեքշաբթի օր, Տորթմունտի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք մրցումին խումբերը մասնաւոր բացականեր չունին:

Քառորդ աւարտականի իրենց մրցումներուն, Անգլիա փենալթիներով կրցաւ պարտութեան մատնել Զուիցերիան:

Զուիցերիա, որ մրցաշարքի սկիզբէն շատ կազմակերպուած ֆութպոլ կը ցուցաբերէր, ամբողջ 90 վայրկեան լաւապէս պաշտպանուած էր, եւ Անգլիոյ միայն 1 անգամ առիթ տուաւ, որ հարուածէ բերդին ուղղութեամբ, այդ ալ` 80-րդ վայրկեանին կոլ նշանակած հարուածն էր քառակուսիին դուրսէն` նշանակելով հաւասարութեան կոլը: 5 վայրկեան առաջ, Մոնաքոյի յառաջապահ Պրիլ Էմպոլօ նշանակած էր Զուիցերիոյ կոլը: Երկարաձգումին, երկու խումբերը չկրցան բաւարար առիթ ձեռք ձգել, եւ դիմուեցաւ վճռական փենալթիներու:

Քոլ Փալմըր, Ճուտ Պելինկհամ, Պուքայօ Սաքա, Այվըն Թոնի եւ Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ յաջողութեամբ նշանակեցին Անգլիոյ փենալթիները, մինչ Մանչեսթըր Սիթիի կեդրոնի պաշտպան Մանուէլ Աքանճի հարուածը զսպեց բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտ: Ֆապիան Շարր, Ժերտան Շաքիրի եւ Զեքի Ամտունի նշանակեցին Զուիցերիոյ փենալթիները, բայց դուրս մնացին, առանց պարտութիւն կրելու: Զուիցերիա յաղթած էր Հունգարիոյ (3-1), հաւասարած Սկովտիոյ (1-1) եւ Գերմանիոյ (1-1) հետ եւ 2-0 արդիւնքով դուրս ձգած Իտալիան:

Անգլիա յաջորդական իր 2-րդ մրցումը 120 վայրկեաններ խաղցաւ, եւ կիսաւարտականին պիտի մրցի Նետերլանտներուն դէմ, որ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Թուրքիան:

Թուրքիա անակնկալ կոլ մը նշանակեց 35-րդ վայրկեանին, ուր Նետերլանտներ բաւական «հանդարտ» մրցում մը կ՛ունենային:

Երկրորդ կիսախաղին, Նետերլանտներ քիչ մը աւելի լուրջի առին, եւ Ռոնալտ Քումանի ցուցմունքներէն ետք, աւելի սկսան վտանգել թրքական բերդը:

Ինթեր Միլանի յետսապահ Շթեֆան Տը Ֆրայ 70-րդ վայրկեանին գլխու անզսպելի հարուածով նշանակեց «նարնջագոյն»-ներուն կոլը, որմէ 6 վայրկեան ետք Տումֆրիզի փոխանցումէն ետք Քորի Կաքփօ եւ յետսապահ Միւլտիւր միասնաբար գնդակին դպնալու նպատակով «սահեցան», եւ գնդակը նշանակուեցաւ բերդին մէջ` դուրս ձգելով Թուրքիան:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Նշում. 50 Տարուան Հարուստ Եւ Հայավայել Պատմութեամբ` Դէպի Նոր Յիսնամեակ

Յաջորդը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. 1050 Մարզիկներ Մասնակցեցան «Ռան Տը Սիթի» Մրցումին

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.