Չորեքշաբթի օր Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի տարեգրութեան մէջ պատմական օր մըն էր, երբ բրիտանացի Մարք Քաւենտիշ արձանագրեց իր 35-րդ յաղթանակը` շահելէ ետք 5-րդ հանգրուանը:
Քաւենտիշ, որ 39 տարեկան է, կրցաւ բարելաւել պելճիքացի Էտի Մերքսի մրցանիշը (34 յաղթանակ), որ արձանագրած էր 1969-1975 տարիներուն: Առաւելագոյն հանգրուաններ շահող մարզիկներու 3-րդ դիրքը կը գրաւէ ֆրանսացի Պեռնար Հինօ, որ 28 յաղթանակ արձանագրած է 1978-էն 1986 տարիներուն:
Մարք Քաւենտիշ յայտնեց, որ անհաւատալի զգացում ունէր: 16 տարի առաջ ան կրցած էր շահիլ իր առաջին հանգրուանը:


