Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած երկու խումբերը` Գերմանիա եւ Սպանիա, իրար դէմ պիտի մրցին այսօր ժամը 19:00-ին, Շթութկարթի դաշտին վրայ:
Շթութկարթի դաշտին վրայ, Գերմանիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հունգարիան Ա. խմբակի խաղերուն գծով (19 յունիսին), մինչ Սպանիա տակաւին չխաղցաւ այս դաշտին վրայ:
Երէկ, կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թոնի Քրուս յայտնեց, թէ այսօրուան մրցումը (որ կրնայ ըլլալ իր վերջինը` ֆութպոլի ասպարէզին մէջ), շատ բնական է, որ յաղթելու համար է, որ պիտի խաղայ, եւ յոյս ունի, որ տակաւին մրցումներ ունի կատարելիք Գերմանիոյ հետ: «Եթէ ամիսներ առաջ յոյս չունենայի, որ կրնանք Եւրոպայի ախոյեան դառնալ, չէի վերադառնար ազգային խումբ»:
«Շատ կասկածներ կային մրցաշարքին գծով չսկսած` նկատի ունենալով Գերմանիոյ ձեռք ձգած արդիւնքները վերջին քանի մը մրցաշարքերուն: Այժմ նուազագոյն նպատակին հասած ենք, եւ արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, չենք կրնար ըսել, որ այդքան ալ վատ մրցաշարք մըն էր: Պէտք է բաւարարուած ըլլանք այս արդիւնքներէն, բայց խումբին մէջ բոլորն ալ կը պահանջեն յաւելեալ յաջողութիւն, եւ համոզուած ենք, որ կրնանք յաջողիլ մինչեւ վերջ», աւելցուց Քրուս:
Գերմանիա 1988-ի Եւրոպայի ախոյեանութենէն ի վեր յաղթած չէ Սպանիոյ կարեւոր մրցաշարքերու գծով, մինչ Ռէալ Մատրիտի իր (Քրուսի) խմբակից Խոսելու յայտնեց, որ կ՛ուզէ, որ այսօրուան մրցումը իր վերջինը ըլլայ: Ինչո՞ւ: «Որովհետեւ մենք (Սպանիա) պիտի յաղթենք», ըսաւ Խոսելու:
«Շատ հետաքրքրական մրցում մը պիտի ըլլայ համակիրներուն համար… համակիրները պահ մը իրենց կեդրոնացումը պիտի չհեռացնեն խաղէն: Այս է զգացումս: Եւ ես իմ առաւելագոյնս պիտի ընեմ, որպէսզի Խոսելուին փափաքը չիրականանայ»: յայտնեց Քրուս:
Վերջին անգամ կարեւոր մրցաշարքի մը` 2010-ի Մոնտիալին, Սպանիա կիսաւարտականին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Գերմանիան:
2020-ին ազգային խումբերու լիկայի մրցումներուն Սպանիա 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրած էր Գերմանիոյ դէմ, սակայն Գերմանիոյ կազմը այժմ միայն 3 մարզիկներ պահած է այդ օրուան խումբէն, մինչ Սպանիոյ 6-7 մարզիկներ տակաւին ներկայ են 4 տարի առաջուան մրցումէն:
Գերմանիա Քրուսի վերադարձէն ետք 8 մրցում կատարած է` 6 յաղթանակով եւ 2 հաւասարութեամբ, եւ այժմու լաւագոյն մարզիկը հաւանաբար Ժամալ Մուսիալան է, որ կրնայ ըլլալ մրցումին վճռող մարզիկներէն մէկը` Գերմանիոյ խումբէն: Սպանիա շատ լաւ միջնապահ գիծ մը ունի, ուր կը փայլին Ֆապիան Ռուիս (Փարիզ Սեն Ժերմեն), Ռոտտի (Մանչեսթըր Սիթի) եւ Փետրի (Պարսելոնա), մինչ ծայրի ուինկեր Լամին Եամալ (որ յառաջիկայ շաբաթ 17 տարեկան կ՛ըլլայ) եւ Նիքօ Ուիլիամս (յառաջիկայ շաբաթ` 22) շատ արագ երիտասարդ տարրեր են, որոնք դիւրութեամբ առիթ կրնան ստեղծել Սպանիոյ կողմէ:
Օրուան իրաւարարն է անգլիացի Անթոնի Թէյլըր: Դանիոյ դէմ ալ անգլիացի իրաւարար մը ղեկավարած էր Գերմանիոյ մրցումը:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Համպուրկի Ֆոլքսփարքշթատիոնը պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալ-Ֆրանսա մրցումը:
Վերջին անգամ այս խումբերը իրար դէմ մրցած են անցեալ Եուրոյին, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտած էր մրցումը: Փորթուգալ 7-րդ անգամ ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտականին եւ Տիոկօ Քոսթա դարձաւ առաջին բերդապահը, որ 3 փենալթներ կը զսպէ Եուրոյի պատմութեան ընթացքին:
Սակայն Փորթուգալ զգուշ պէտք է ըլլայ Ֆրանսայի դէմ, ուր վերջին 14 ճակատումներուն 11 անգամ պարտութիւն կրած է: Փորթուգալ միայն 1 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած է Ֆրանսայի դէմ: Բայց Փորթուգալ իր վերջին 19 մրցումներուն 16 անգամ յաղթանակ արձանագրած է, եւ 3 պարտութիւններէն վերջինը Վրաստանի դէմ էր (2-0):
Ֆրանսա իր 4 մրցումներուն 3 կոլ նշանակած է, 2 կոլ` մրցակիցի (սխալմամբ իրենց բերդին մէջ) օգնութեամբ, իսկ 1 կոլ` Քիլիան Էմպափէի (փենալթիի) միջոցով:
Ֆրանսա շատ լաւ մարզիկներ ունի իր ամբողջական 26 հոգինոց խմբակին մէջ, սակայն Տիտիէ Տեշան միշտ ալ զգուշ ձեւով կը մօտենայ իր մրցակիցներուն եւ հազիւ 1 կոլ կը նշանակէ, կը դիմէ պաշտպանողականի եւ հակայարձակողական խաղաոճով:
Փորթուգալ իր կարգին աստղերով լեցուն կազմ ունի, բայց երբեմն Ռոնալտոյի ներկայութիւնը ձեւով մը կը պարտադրէ իր խմբակիցներուն, որ իրեն փոխանցեն կամ քիչ մը շատ իրեն վստահին:
Ֆրանսայի կազմէն պիտի բացակայի Ատրիան Ռապիօ, որ վերջին երկու մրցումներուն դեղին քարտեր ստացած էր: Թերեւս ասիկա աւելի կ՛օգնէ Ֆրանսային, որ «ստիպուած» դաշտ ներկայացնէ աւելի աշխուժ եւ արագ Էտուարտօ Քամավինկան կամ նոյնիսկ Եուսուֆ Ֆոֆանան կամ Զէյր-Էմերի Ուարընը:
Յառաջապահ գիծի վրայ ալ Տեշան առիթ ունի դաշտ ներկայանալու Տեմպելէ-Էմպափէ-Պարքոլա արագ եռեակով, սակայն Տեշան կը թուի շուարած ըլլալ եւ կ՛օգտագործէ Կրիզմանը, Թիւրամը կամ Քոլօ Մուանին:
Փորթուգալի սպանացի մարզիչն ալ մեծ թիւով աստղեր ունի եւ շատ անգամ լաւ ելոյթներ ունեցող մարզիկները կը փոխարինէ` զարմացնելով բոլոր մասնագէտները: Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Վիթինիա շատ լաւ օրերու մէջ կը գտնուի, եւ Սլովենիոյ դէմ մրցումին զարմանալիօրէն փոխարինուեցաւ:
Յամենայն դէպս ըստ երեւոյթին դաշտին վրայ գտնուող մարզիկները իրենք իրենց լաւ որոշումներով պիտի վճռեն այս գիշերուան մրցումին արդիւնքը:


