Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին Փենալթիներով Հասաւ Կիսաւարտական

Յուլիս 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Քոփա Ամերիքայի, քառորդ աւարտականի մրցումները սկսան: Առաջին մրցումին վերջին մրցաշարքի ախոյեան Արժանթին պէտք ունեցաւ բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեսի հերոսութիւններուն` յաղթելու Էքուատորին:

Լիսանտրօ Մարթինես Արժանթինի ազգային խումբին հետ նշանակեց իր առաջին կոլը, երբ գլխու հարուածով փոխանցում մը ստացաւ Ալեքսիս Մաքալիսթըրէն (քոռնըրէ մը ետք), եւ իր կարգին գլխու հարուածով նշանակեց Արժանթինի եւ մրցումի առաջին կոլը 35-րդ վայրկեանին:

Մինչ այդ, պէտք է յիշել, որ Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսի, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայած էր Փերուի դէմ մրցումէն, մասնակցեցաւ այս մրցումին` մրցանիշ մըն ալ հաստատելով, ամէնէն շատ վայրկեանները կատարելուն համար Քոփա Ամերիքայի պատմութեան մէջ:

15-րդ վայրկեանին, Արժանթինի բերդապահ Էմիլիա Մարթինես շատ լաւ ձեւով կրցաւ զսպել Էքուատորի մարզիկ Ժերեմի Սարմիենթոյի հարուածը:

Բ. կիսախաղին, Արժանթին, որ լաւ ելոյթ մը չունեցաւ, քիչ մնաց կոլ ստանար, երբ գնդակը դպնալէ ետք Ռոտրիկօ տը Փոլի ձեռքին, ՎԱՐ-ը նկատած էր, որ փենալթիի առիթ մը կայ: Կեդրոնի իրաւարարը դիտելէ ետք պատահածը պաստառին վրայ, փենալթի սուլեց, ի նպաստ Էքուատորի:

Էններ Վալենսիայի փենալթին կրցաւ խաբել բերդապահ Մարթինեսը, որ հակառակ ուղղութեամբ ցատկեց, սակայն Արժանթինի բերդին սիւնը զսպեց Վալենսիայի փենալթին:

Վերջին վայրկեաններուն Էքուատոր ճնշեց, նշանակելու հաւասարութեան կոլը եւ յաջողեցաւ… 92-րդ վայրկեանին Քեւին Ռոտրիկես գլխու հարուածով նշանակեց Էքուատորի հաւասարութեան կոլը` օդային փոխանցում մը ստանալէ ետք Ճոն Եպոահէն: Իրաւարարը պահ մը ընդհատեց էքուատորցիներուն ուրախութիւնը` ՎԱՐ-ի կողմէ վաւերացնելու համար կոլին վիճակը: Ի վերջոյ կոլը ընդունուեցաւ, եւ 97-րդ վայրկեանին Էքուատոր մրցումը յաղթելու ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ Քայսերոյի գլխու հարուածը անցաւ Արժանթինի բերդին մօտէն:

Քոփա Ամերիքայի օրէնքով երկարաձգում չկար, եւ դիմուեցաւ վճռական փենալթիներուն:

Լիոնել Մեսսի «Փանենքա» փենալթի մը փորձեց, սակայն գնդակը Էքուատորի բերդի ձողին դպնալով չմտաւ:

Անխել Մենայի հարուածը անմիջապէս զսպեց Արժանթինի բերդապահ Մարթինեսը: Խուլիան Ալվարես նշանակեց Արժանթինի երկրորդ հարուածը, մինչ Մարթինես զսպեց Ալան Մինտայի փենալթին: Ալեքսիս Մաքալիսթըր նշանակեց Արժանթինի փենալթին: Ճոն Եպոահ նշանակեց Էքուատորի առաջին յաջող փենալթին, մինչ Կոնսալօ Մոնթիել նշանակեց Արժանթինի 3-րդ յաջող փենալթին: Եորտի Քասէյտօ (Էքուատոր) նշանակեց Էքուատորի 2-րդ յաջող փենալթին, մինչ Նիքոլաս Օթամենտիի յաջող փենալթին վերջ դրաւ փենալթիներու շարանին, որ վերջ գտաւ 4-2 արդիւնքով` ի նպաստ Արժանթինի, որ կիսաւարտականին պիտի մրցի Վենեզուելա-Քանատա մրցումին յաղթականին դէմ:

Նախորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Եուրօ 2024. Տեմիրալ 2 Մրցումով Կախակայուած

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?