Այսօր յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին, Վալենսիայի մէջ (Սպանիա) տեղի պիտի ունենայ Ողիմպիական մրցումներու գծով ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած զտումի կարեւոր մրցումը` Լիբանանի եւ Անկոլայի ազգային խումբերուն միջեւ:
Լիբանան դժուար մրցակից ունի, մանաւանդ որ Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժի, ինչպէս նաեւ խմբապետ Ամիր Սէուտ կը բացակային:
Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան իր առաջին մրցումին 104-59 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի 2-րդ լաւագոյն խումբէն` Սպանիայէն:
Եուսեֆ Խայյաթ 20 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օմարի Սփելման եւ Սերժիօ Տարուիշ 13-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Լիբանանի:
Լիբանան, որ թիւ 28 դասուած խումբն է, իր դէմ ունի Անկոլան, որ թիւ 34 դասուած է:
Միւս խմբակին մաս կը կազմեն Պահամասը (թիւ 57), Լեհաստանը (թիւ 15) եւ Ֆինլանտան (թիւ 20):
Այս 2 խմբակներէն լաւագոյն երկուքը կ՛անցնին կիսաւարտական, այդ պատճառով ալ Լիբանան պէտք է անպայման յաղթէ` հասնելու կիսաւարտական: