Ռանոս Հեթ-Թրիք Իրագործեց
Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս Գերմանիոյ Մէօնշընկլատպախ ակումբի Բ. խմբակին հետ հեթ թրիք իրագործեց շաբաթ օր Պոշոլթ խումբին դէմ, արեւմտեան շրջանի ախոյեանութեան մրցումներուն: Աւելի ծանօթ Կրանդ-Լէոն Ռանոս (Հրանդ-Լեւոն Եռանոսեան) անունով, ան 19-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: Մրցակից խումբը 2 կոլերով փոխադարձեց, սակայն Հրանդ կիսախաղէն առաջ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 57-րդ վայրկեանին Փեշ նշանակեց կոլ մը եւ 90-րդ վայրկեանին ան կոլ...




















