Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Լոսըն Փոխարինեց Ռիքիարտոն

September 30, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռետ Պուլ»-ի երկրորդ խումբը` «Ար. Պի.», անցեալ շաբաթավերջին նոր զելանտացի Լիամ Լոսընը նշանակեց աւստրալիացի Տանիէլ Ռիքիարտոյի փոխարէն:

22 տարեկան Լոսըն, որ 2022-էն ի վեր «Ռետ Պուլ»-ի պահեստի վարորդն է, պիտի փոխարինէ 35 տարեկան Ռիքիարտոն, այս տարուան վերջին 6 կրան փրիներուն:

Սպասելի էր այս որոշումը` նկատի առնելով, որ Ռիքիարտօ գոհացուցիչ արդիւնք չէր արձանագրեր, որքան իր խմբակից ճափոնցի Եուքի Ցունոտան:

Անցեալ տարի Ռիքիարտօ վերադարձած էր յոյսով, որ կրնայ փոխարինել «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Սերխիօ Փերեսը, սակայն անոր արդիւնքները ձեւով մը յուսախաբ ըրին:

«Տանիէլ շատ լաւ անձ մըն է թէ՛ շրջավազքի, թէ՛ ալ անձնական կեանքի մէջ, եւ միշտ ժպտուն: Պիտի կարօտնանք զինք, բայց ան միշտ պիտի մնայ «Ռետ Պուլ»-ի ընտանիքին հետ», ըսաւ խումբի տնօրէն Լորան Մեքիս: «Նոյն առիթով կ՛ուզեմ բարի եկար ըսել Լիամին: Ան արդէն իսկ գիտէ խումբը: Անցեալ եղանակին մեզի հետ էր, եւ դժուար կացութեան մէջ շատ լաւ յարմարեցաւ»:

Ռիքիարտօ, որ շատ սիրուած անձ մըն է Ֆորմիւլա 1-ի մէջ, իր ասպարէզի 7 յաղթանակները «Ռետ Պուլ»-ի հետ ձեռք ձգած է, իսկ վերջին յաղթանակը 2021-ին` Մաքլարենի հետ:

Նշենք, որ 10 հոկտեմբերին Օսթըն (Թեքսաս) կը հիւրընկալէ Միացեալ Նահանգներու կրան փրին: Այս կրան փրիին կը յաջորդեն Մեքսիքայի եւ Պրազիլի կրան փրիները: Վերջին երեք կրան փրիները պիտի ըլլան Լաս Վեկասի, Քաթարի եւ Ապու Տապիի մէջ:

Նախորդը

Յոյսի Եւ Իրապաշտութեան Միջեւ

Յաջորդը

Չելսի Պատրաստ Է Ինթեր Միլանի Հետ Փոխանակում Առաջարկելու

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Իր 6-րդ Եւ Վերջին Մետալը Ձեռք Ձգեց Արաբական Ախոյեանութեան
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Իր 6-րդ Եւ Վերջին Մետալը Ձեռք Ձգեց Արաբական Ախոյեանութեան

October 16, 2026
Փինկ Փոնկ.  Մարիանա Սահակեան` 13-րդ Անգամ Ըլլալով  Լիբանանի Ախոյեան
Մարզական

Փինկ Փոնկ. Մարիանա Սահակեան` 13-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան

October 16, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Նարեկ Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Նոր Մրցանիշի Տէր
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Նարեկ Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Նոր Մրցանիշի Տէր

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.