Ինթեր Միլանի եւ Իտալիոյ ազգային խումբի տինամիք միջնապահ Նիքոլօ Պարելլա վիրաւորուած է կիրակի օրուան Ա. Սէ. Միլանի դէմ տերպիի մրցումին:
Մկանային թեթեւ վէրք ստացած Պարելլա հաւանական է, որ 15 օրով հեռու մնայ կանաչ դաշտերէն:
Ինթեր Միլան, որ անցեալ տարուան «Սերի Ա.»-ի ախոյեանն էր, այս տարի տակաւին չէ վերագտած իր փայլքը եւ ախոյեանութեան 6-րդ դիրքը կը գրաւէ 5 հանգրուաններէ ետք: