Մանչեսթըր Սիթի, որ դատական հարցերու մէջ կը գտնուի եւ կրնայ պատժուիլ Անգլիոյ ֆետերասիոնին կողմէ, բան մը, որ պատճառ կրնայ դառնալ մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի հեռանալուն:
Այդ պարագային նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր կարգին կրնայ լքել անգլիական ակումբը եւ մեկնիլ Սպանիա:
Հաալանտի միանալը Ռէալ Մատրիտին քիչ մը շատ երեւակայելի է, մանաւանդ որ Ռէալ մեծ թիւով յառաջապահ աստղեր ունի: Պարսելոնա կրնայ ըլլալ Հաալանտի նոր ակումբը, ուր կրնայ փոխարինել լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին: 24 տարեկան Հաալանտ այս տարեշրջանին 7 մրցում կատարած է Սիթիի հետ` նշանակելով 10 կոլ:


