Մարզական

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը 9-1 Արդիւնքով Յաղթեց Մոլտովային

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Խումբը 9-1 Արդիւնքով Յաղթեց Մոլտովային

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք կեդրոնին մէջ բարեկամական փորձ-մրցում մը ունեցաւ Մոլտովայի դէմ եւ յաղթեց 9-1 արդիւնքով: Այսօր ալ բարեկամական մրցում մը իրար դէմ պիտի հանէ նոյն խումբերը: Կոլերը նշանակեցին Տենիս Նեւետրով (3), Վլատիմիր Սանոսեան (2), Ռաֆիկ Մելիքեան (2), Գարեգին Մաշումեան եւ Վասիլիեւիչ (սխալմամբ իր բերդին մէջ): Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Ալպերթ Աղաջանով (բերդապահ), Վլատիմիր Սանոսեան,...

Մանչեսթըր Սիթիի Տարեշրջանը Կրնայ Վատթարանալ

Մանչեսթըր Սիթիի Տարեշրջանը Կրնայ Վատթարանալ

Կիրակի օր, Մանչեսթըր Սիթիի մրցումին` Արսենալի դէմ, միջնապահ գիծի աստղ Ռոտրի իր ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապերը պատռեց եւ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն առնուազն 6 ամիսով: Մէկ խօսքով` տարեշրջանը աւարտեցաւ Ռոտրիի համար, մինչ իր ակումբը` Սիթի, շատ դժուարութեան պիտի մատնուի, մանաւանդ որ պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տը Պրունիէ իր կարգին վիրաւոր է եւ արդէն իսկ նախկին մակարդակը չունի: Սիթի այդ գէշ լուրէն...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Անչելոթթիի 300-րդ Մրցումին Ռէալ Յաղթեց Ալաւեսին (3-2)

Եւրոպական Ֆութպոլ. Անչելոթթիի 300-րդ Մրցումին Ռէալ Յաղթեց Ալաւեսին (3-2)

«Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յառաջացաւ 6-րդ դիրքը գրաւող Ալաւեսի վրայ մինչեւ 85-րդ վայրկեան, երբ վերջինս 2 արագ կոլեր նշանակեց եւ քիչ մնաց վտանգէր Ռէալի յաղթանակը: Լուքաս Վասքիս, Քիլիան Էմպափէ եւ Ռոտրիկօ նշանակեցին Ռէալի կոլերը: Մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի իր 300-րդ մրցումը ունեցաւ Ռէալի հետ` արձանագրելով 217-րդ յաղթանակը: Սեւիա տարեշրջանի իր 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց Վայատոլիտի դէմ (2-1),...

Նաումով. «Նայիր Պէտք Է Կեդրոնանայ…»

Նաումով. «Նայիր Պէտք Է Կեդրոնանայ…»

Լոքոմոթիւ Մոսկուայի նախկին նախագահ Նիքոլայ Նաումով կը կարծէ, թէ Հայաստանի ազգային խումբի ֆութպոլիստ Նայիր Թիքնիզեան պէտք է կեդրոնանայ իր այժմու խումբին հետ խաղալու վրայ եւ իր կեդրոնացումը չշեղի եւրոպական ակումբ տեղափոխուելու խօսակցութիւններով: «Ինծի կը տխրեցնէ Թիքնիզեանի խաղը Լոքոմոթիւի հետ: Ան ոչ մէկ ձեւով կրնայ վերագտնել անցեալ տարեշրջանի իր մակարդակը: Նայիր լաւ կը խաղայ, բայց անցեալ տարի ինչ որ կ՛ընէր, այս...

«Եւրոպայի Ախոյեա՞ն Եմ Ես Հիմա…»  Կը Ծիծաղի Քրուս

«Եւրոպայի Ախոյեա՞ն Եմ Ես Հիմա…» Կը Ծիծաղի Քրուս

Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Թոնի Քրուս ծիծաղած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի դիրքորոշումին առնչութեամբ` Սպանիոյ պաշտպան Մարք Քուքուրելիայի ձեռքին դպած գնդակին վերաբերեալ Եուրօ 2024-ին: Եուրօ 2024-ի քառորդ աւարտականին Սպանիա - Գերմանիա մրցումին իրաւարար Անթոնի Թէյլըր 106-րդ վայրկեանին փենալթի մը «զլացած էր» ի նպաստ Գերմանիոյ ազգային խումբին, երբ Ժամալ Մուսիալային հարուածը «զսպուած էր» Քուքուրելիայի ձեռքով: ՎԱՐ-ը չէր միջամտած այդ դրուագին:...

Ռոմերօ Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

Ռոմերօ Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

Արժանթինի ազգային խումբի եւ Թոթենհամի կեդրոնի յետսապահ Քրիսթիան Ռոմերօ կրնայ իր ասպարէզը շարունակել «Լա լիկա»-ի մէջ: Ըստ սպանական «Թոտոֆիշախես» կայքին, 26 տարեկան Ռոմերոյի ծառայութեամբ հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ: Կը նշուի, որ Ռէալ կրնայ ձեռք ձգել Ռոմերոն յառաջիկայ ամառ: Արժանթինցի մարզիկին համար Ռէալ պատրաստ է 65 միլիոն եւրօ առաջարկելու: Աւելի կանուխ լուրեր տարածուած էին, թէ Թոթենհամ պատրաստ կ՛ըլլայ բաժնուելու Ռոմերոյէն այն...

Լեւերքուզըն Վիրցի Հրաժարագինը Որոշեց

Լեւերքուզըն Վիրցի Հրաժարագինը Որոշեց

Պայեր Լեւերքուզըն, որ անցեալ տարի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ «Պունտըսլիկա»-ն, իր աստղերէն միջնապահ Ֆլորիան Վիրցի համար հրաժարագին որոշած է: Վիրց, որ կրնայ իր ակումբը փոխել յառաջիկայ ամառ, բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ վերջին ամիսներուն, բան մը, որ հետաքրքրութիւն պատճառած է «մեծ» խումբերուն: Լեւերքուզընի ղեկավարութիւնը այդ պատճառով ալ 150 միլիոն եւրօ կը պահանջէ անոր ծառայութիւններուն փոխարէն: Ռէալ Մատրիտ եւ...

Կրասնոտար 5-2 Արդիւնքով Յաղթեց, Սփերձեան Երկու Կոլ Նշանակեց

Կրասնոտար 5-2 Արդիւնքով Յաղթեց, Սփերձեան Երկու Կոլ Նշանակեց

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան տուպլէ իրագործեց Կրասնոտարի հետ, Ռուսիոյ ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, Աքրոն Թոլիաթի խումբին դէմ: Սփերձեան 29-րդ եւ 59-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր կոլերը, եւ Կրասնոտար 5-2 արդիւնքով յաղթեց` գրաւելով ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը: Զենիթ Սենթ Փեթերսպուրկ աւելի ուշ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆաքելի վերագրաւեց պարագլուխի դիրքը` 2 կէտով գերազանցելով Կրասնոտարը (21 կէտ): 3-րդ դիրքը կը...

Ճատրակ.  Էլինա Դանիէլեան Եւ Աննա Սարգսեան Պրոնզ Մետալներ Շահեցան

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան Եւ Աննա Սարգսեան Պրոնզ Մետալներ Շահեցան

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի անդամներ Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան Պուտափեշթի մէջ վերջ գտած Օլիմփիատին պրոնզ մետալներ շահեցան անհատական խաղատախտակներուն վրայ: Դանիէլեան 10 կարելի կէտերէն 7,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ 3-րդ խաղատախտակին վրայ ձեռք ձգեց պրոնզէ մետալ: Աննա Սարգսեան 10 կարելի կէտերէն 8 կէտ ձեռք ձգեց եւ պրոնզէ մետալ շահեցաւ 4-րդ խաղատախտակին վրայ: Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան,...

Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Սպանիոյ Լէոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան ազգային խումբի անդամ Ալեքսանտրա Գրիգորեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Ալեքսանտրա Գրիգորեան 55 քկ կշիռի մրցումներուն, արաշէի վարժութեան մրցումին 77 եւ 81 քկ յաջողեցաւ բարձրացնել, բայց ձախողեցաւ 83 քկ բարձրացնելու: Ան 7-րդ դիրքի վրայ էր: Էփոլէ - Ժըթէի վարժութեան, ան 104 եւ 110 քկ բարձրացնելով...

Արթուր Միրանեան Իր Առաջին  Մրցումին Կոլ Նշանակեց

Արթուր Միրանեան Իր Առաջին Մրցումին Կոլ Նշանակեց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկ Արթուր Միրանեան, որ միացած էր Ռումանիոյ Ունիվերսիթաթէա Քլիւժի, իր առաջին մրցումին կոլ մը նշանակեց Ունիրեա Ալփայի դէմ բարեկամական մրցումին: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ալփայի դաշտին վրայ, վերջ գտաւ Քլիւժի յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով: Արթուր Միրանեան 17-րդ վայրկեանին նշանակեց իր եւ մրցումին առաջին կոլը` իր առաջին ելոյթին: Ան մասնակցեցաւ 82 վայրկեան եւ տպաւորեց իր խաղարկութեամբ:  

Պարսելոնայի Բերդապահ  Թեր Շթեկըն` Վիրաւոր

Պարսելոնայի Բերդապահ Թեր Շթեկըն` Վիրաւոր

Վիարէալի դէմ մրցումին, Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն վիրաւորեց իր ծունկի ետեւի կապերը եւ երկար ժամանակով հեռու պիտի մնայ դաշտերէն: Թեր Շթեկընի աջ ծունկին ետեւի կապը ամբողջովին պատռուած է եւ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, բան մը, որ առնուազն 6 ամիսով կրնայ հեռու պահել զայն կանաչ դաշտերէն: Ասիկա շատ գէշ լուր մըն էր Գերմանիոյ ազգային խումբին համար ալ, մանաւանդ որ երկար...

Փլաթինի Կ՛առաջարկէ 10 Հոգիով Խաղալ Ֆութպոլը

Փլաթինի Կ՛առաջարկէ 10 Հոգիով Խաղալ Ֆութպոլը

Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միջազգային ֆետերասիոնի միութեան (ՖԻՖԱփրօ) նախագահի խորհրդական եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի նախկին նախագահ Միշել Փլաթինի առաջարկ ներկայացուցած  է օրէնքներու հիմնական փոփոխութիւն կատարելու: «Կարծեմ իւրաքանչիւր խումբէ եթէ 1 մարզիկ պակսի, 10 հոգիով պէտք է խաղանք: Անցեալ դարուն անոնք 11 հոգիէ կազմուած խումբերով կը մրցէին, սակայն այն ժամանակ մարզիկները աւելի քիչ եւ աւելի դանդաղ կը վազէին, քան այսօր: Այդ ժամանակ...

Ատրիանոյի Հրաժեշտի Մրցումը` Դեկտեմբերին

Ատրիանոյի Հրաժեշտի Մրցումը` Դեկտեմբերին

Ինթեր Միլանի նախկին յառաջապահ Ատրիանօ (Պրազիլ) պիտի վերադառնայ կանաչ դաշտ: Պրազիլցի յառաջապահը երկար ժամանակէ ի վեր արհեստավարժ ֆութպոլէ հեռու է, սակայն հրաժեշտի մրցում պիտի կատարուի յառաջիկայ դեկտեմբերին: Ըստ «Կոլ» կայքին, 42 տարեկան Ատրիանօ մաս պիտի կազմէ Ֆլամենկօ - Ինթեր Միլան խումբերու բարեկամական մրցումին: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 դեկտեմբերին, «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ: Կ՛ենթադրուի, որ Անտրիանօ իւրաքանչիւր խումբի հետ պիտի խաղայ...

Ֆիկօ. «Եթէ Մրցումները Պակսին,  Աշխատավարձերն Ալ Պէտք Է Նուազին»

Ֆիկօ. «Եթէ Մրցումները Պակսին, Աշխատավարձերն Ալ Պէտք Է Նուազին»

Փորթուգալի ֆութպոլի պատմական դէմքերէն Լուիս Ֆիկօ վերջերս իր կարծիքը յայտնած է ֆութպոլի շատ մրցումներու դէմ որոշ գանգատներու մասին: Յայտնի ակումբի մարզիկներ, որոնց կարգին` Ռոտրի (Մանչեսթըր Սիթի), Ալիսոն (Լիվըրփուլ), Ժիւլ Քունտէ (Պարսելոնա) եւ Տանի Քարվախալ (Ռէալ Մատրիտ) դժգոհութիւն յայտնած էին ֆութպոլիստներուն համար ծանրաբեռնուած մրցումներու օրացոյցին գծով, իսկ շատեր նոյնիսկ գործադուլի արշաւ ալ կը մտածեն իրականացնել: «Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ո՛րն...

Առնոլտ Մտադիր Է Ձեռք Ձգել Նանթ Ակումբը

Առնոլտ Մտադիր Է Ձեռք Ձգել Նանթ Ակումբը

Անգլիոյ ազգային խումբի ֆութպոլիստ Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ, որ Լիվըրփուլի աջ կողմի պաշտպանն է, ծրագիր ունի ձեռք ձգելու Ֆրանսայի առաջին դասակարգի Նանթ ակումբը, ըստ «Լ՛Էքիփ» կայքին: Մայքըլ Առնոլտ` Թրենթի հայրը, որ լոնտոնեան ներդրումային ընկերութեան միջոցով իր զաւկին հետաքրքրութիւններուն կառավարիչն է, մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ ֆրանսական մարզական շուկային նկատմամբ: Թրենթ արդէն համասեփականատէր է Ֆորմիւլա 1-ի ֆրանսական «Ալփին» խումբին: Առնոլտ նախապէս հետաքրքրուած էր Սենթ...

Ճատրակ.  Օլիմփիատը Վերջ Գտաւ Հնդկաստանի Յաղթանակներով. Հայ Տղաքը 6-րդ,  Իսկ Աղջիկները 5-րդ Դիրքերը Գրաւեցին

Ճատրակ. Օլիմփիատը Վերջ Գտաւ Հնդկաստանի Յաղթանակներով. Հայ Տղաքը 6-րդ, Իսկ Աղջիկները 5-րդ Դիրքերը Գրաւեցին

Պուտափեշթի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի 45-րդ միջազգային Օլիմփիատը: Հնդկաստանի տղաքը (21 կէտ) եւ աղջիկները (19 կէտ) դարձան ախոյեաններ, մինչ Հայաստանի տղաքը գրաւեցին 6-րդ դիրքը, իսկ աղջիկները` 5-րդ դիրքը: Տղաքը իրենց վերջին մրցումին 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Իրանի: Հայկ Մ. Մարտիրոսեան սպիտակ քարերով պարտութեան մատնեց Փարհամ Մողսուտլուն: Շանթ Սարգսեան սեւ քարերով հաւասարութիւն արձանագրեց Ամին Թապաթապայէի հետ: Ռոպերթ Յովհաննիսեան սպիտակ քարերով պարտութիւն կրեց Պարտիա...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Արսենալին.  Ա. Սէ. Միլան Անակնկալի Բերաւ Ինթերը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Արսենալին. Ա. Սէ. Միլան Անակնկալի Բերաւ Ինթերը

Շաբաթավերջին «տաք» մրցումներ տեղի ունեցան եւրոպական 5 լաւագոյն ախոյեանութիւններուն գծով: Անգլիոյ մէջ Մանչեսթըր Սիթի իր դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթել Արսենալին, որուն յառաջապահ Թրոսար առաջին կիսախաղին կարմիր քարտ ստացած էր, մինչ Իտալիոյ «տերպի տելլա Մատոննինա»-ն վերջ գտաւ Ա. Սէ. Միլանի անակնկալ յաղթանակով (2-1): Ֆրանսայի մէջ ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն Ռենսի դաշտին վրայ կրցաւ միայն հաւասարիլ տեղւոյն խումբին հետ` առիթ տալով Մարսէյին...

Ֆորմիւլա 1.  Նորիս Շահեցաւ Սինկափուրի Կրան Փրին` 7 Կէտով Մօտենալով Վերշթափընի

Ֆորմիւլա 1. Նորիս Շահեցաւ Սինկափուրի Կրան Փրին` 7 Կէտով Մօտենալով Վերշթափընի

Կիրակի օր Լանտօ Նորիս Սինկափուրի կրան փրին սկսաւ փոլ փոզիշընի եւ անցեալ մրցումներու սխալներէն օգտուելով մրցումը աւարտեց նոյն դիրքին վրայ շահելով մրցումը, 20 երկվայրկեանի առաւելութեամբ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի վրայ, որ չկրցաւ մօտենալ Մաքլարենի վարորդին: Ասիկա առիթ մը եւս դարձաւ Նորիսի համար 7 կէտով աւելի եւս մօտենալու Վերշթափընին, որ իր Ռետ Պուլով ըստ երեւոյթին առիթ չ՛ունենար մրցելու արագ Մաքլարենի հետ:...

Փոխանցումներու Աշխարհէն

Փոխանցումներու Աշխարհէն

- Պարսելոնայի սպանացի յառաջապահ Անսու Ֆաթի յունուարին փոխանցումներու ձմեռնային պատուհանին բացուելուն ժամանակ հաւանական է, որ լքէ խումբը: 21 տարեկան ֆութպոլիստը հաւանական է, որ միանայ Սեւիային աշխատավարձով: Ան անցեալ եղանակին ալ Պրայթընին («Փրեմիեր լիկ») միացած էր` կատարելով 19 մրցումներ եւ նշանակելով 2 կոլ: - Ռէալ Մատրիտ ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք ձգել Պայեր Լեւերքուզընի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Ֆլորիան Վիրցը:...

Page 179 of 1281 1 … 178 179 180 … 1,281

Արխիւներ