Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ Արսենալի նախկին պատմական յառաջապահ Թիերի Հանրի իր կարծիքը յայտնեց ֆութպոլի «շատ խիտ» ժամանակացոյցին մասին:
«Ակումբները չափազանց շատ հանդիպումներ կ՛ունենան: Ֆութպոլիստներուն հետ անասուններու նման կը վարուին: Տեսանք Եւրոպայի վերջին ախոյեանութեան (Եուրօ 2024-ին): Մարզիկներուն մեծամասնութիւնը յոգնած էր սեփական ակումբներուն հետ, շատեր իրենց ցնծութիւնը կորսնցուցած էին ֆութպոլի հանդէպ», ըսաւ Հանրի «Սի. Պի. Էս. Սփորթց»-ին:
Աւելի կանուխ, Անգլիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեանութիւններու շարք մը յայտնի մարզիկներ գործադուլի մասին կը խօսէին: Այս նիւթին վրայ կ՛աշխատէին Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Տանի Քարվախալ եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Ռոտրի Հերնանտես: Արդէն յստակ էին մտահոգութեան պատճառները: Մեծ թիւով մրցումներ կը յանգեցնեն մեծ թիւով վիրաւորներու: Այժմ Ռոտրիի նման շատ մը մարզիկներ հասած են այդ հանգրուանին եւ վիրաւորուելու սկսած:


