Մանչեսթըր Սիթիի նախկին յառաջապահ Սերխիօ Ակուերօ խօսած է ոսկի գնդակի մրցանակաբաշխութեան մասին:
«Վինիսիուս այս տարի աւելի լաւ ելոյթներ ունեցաւ, քան Էմպափէ: Ան ֆութպոլիստ մըն է, որ միշտ վտանգաւոր է: Երբ Վինիսիուս գնդակ ստանայ, մրցակիցը միշտ վտանգ կը զգայ: Ես ոսկի գնդակը կը յանձնէի իրեն, եթէ ինծի տրուէր այդ առիթը», ըսաւ արժանթինցի նախկին յառաջապահը «Ֆութ Մերքաթօ»-ին:
Նշենք, որ «Ֆրանս ֆութպոլ» ամսագիրին վարկածով անցած մրցաշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ 28 հոկտեմբերին, Փարիզի մէջ:


