Լոնտոնեան ակումբ Չելսին նոր ֆութպոլիստ կը փնտռէ կեդրոնական յարձակող դիրքը զօրացնելու համար:
Անցեալ ամառ լոնտոնեան ակումբը չկրցաւ ձեռք ձգել Նափոլի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը եւ այժմ կը մտածէ ձեռք ձգել Ինթեր Միլանի յառաջապահ Լութարօ Մարթինեսը:
Ըսհ «Թոտօ Ֆիչախես»-ի, Չելսի պիտի առաջարկէ Ինթեր Միլանին հետ փոխանակել Մարթինեսը երեք մարզիկներով:
Այս ցուցակին մաս կը կազմեն Միխայիլ Մուտրիք, Պենուա Պատիաշիլէն եւ Քառնի Չուքվուեմեկան:
Այս բոլորին մէջ տակաւին յստակ չէ, թէ 27 տարեկան Մարթինեսի կարծիքը ի՛նչ է այս տարբերակին մասին: Ան 2018-էն ի վեր Ինթեր Միլանին մաս կը կազմէ եւ այժմ խմբապետն է այդ ակումբի խումբին: Ան Ինթերի հետ 210 մրցում կատարած է` 103 կոլ նշանակելով: