Քարլոս Ալքարաս նոյեմբերին տեղի ունենալիք թենիսի «Մասթըրզ» մրցաշարքի իր տոմսը ապահովեց` միանալով թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըրին եւ երկու անգամ «Մասթըրզ»-ի ախոյեան Ալեքսանտր Զվերեւին:
21 տարեկան Ալքարաս, որ Ռոլան Կարոսի եւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքերը շահած էր այս տարի, արծաթ մետալ ալ շահած էր Փարիզի Ողիմպիականի խաղերուն:
Աշխարհի թիւ 3 թենիսմենը, որ Ինտիըն Ուելս մրցաշարքն ալ շահեցաւ, յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով պիտի մասնակցի «Մասթըրզ»-ին եւ պիտի փորձէ առաջին անգամ ըլլալով շահիլ այս մրցաշարքը, որուն կիսաւարտականին հասած էր անցեալ տարի:
2022-ին ստամոքսի մկանային վնասուածքի պատճառով ան բացակայած էր:
Սինըր, որ անցեալ տարի փոխախոյեանն էր, օգոստոսէն ապահոված էր իր մասնակցութիւնը` հասնելէ ետք Մոնրէալի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին, մինչ 2018-ի եւ 2021-ի ախոյեան Զվերեւ դիրքը ապահովեց հասնելէ ետք «Եու. Էս. Օփըն»-ի քառորդ աւարտականին:
«Մասթըրզ»-ի մրցաշարքին կը մասնակցին լաւագոյն 8 թենիսմենները, որոնք կը պայքարին 10-էն 17 նոյեմբեր: