Շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական մրցումներ եւրոպական լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն ծիրին մէջ:
Անգլիոյ մէջ 6-րդ դիրքը գրաւող Նիւքեսըլ, որ իր դաշտին վրայ 2 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է (Թոթենհամի եւ Սաութհեմփթընի դէմ), պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին, որ այս տարուան առաջին կէտերը կորսնցուց անցեալ շաբաթավերջին` հաւասարելով Արսենալի հետ (2-2):
Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Լեսթըր Սիթին, իսկ Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ Վուլվզի:
Ստորեւ` 6-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Նիւքեսըլ – Մանչեսթըր Սիթի
Արսենալ – Լեսթըր Սիթի
Պրենթֆորտ – Ուեսթ Համ
Չելսի – Պրայթըն
Էվըրթըն – Քրիսթըլ Փելես
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Ֆուլհամ
Վուլվզ – Լիվըրփուլ
ՎԱՂԸ
Իփսուիչ – Ասթոն Վիլա
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Թոթենհամ
Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն պիտի մեկնի Միւնիխ` մրցելու Պայերն Միւնիխի դէմ, որ իր 4 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է:
Միջնապահ Կրանիթ Չաքա կը կարծէ, թէ իր խումբը` Լեւերքուզըն, բաւական դժուարութեան կրնայ մատնել «շատ յառաջդիմած», Պայերնը:
«Մենք հաստատ գիտենք, թէ Պայերն ի՛նչ որակի ֆութպոլ կը խաղայ Վենսան Քոմփանիին հետ: Վերլուծեցինք անոնց խաղերը եւ տեսանք, թէ որքա՛ն լաւ ֆութպոլ կը խաղան: Գրեթէ իւրաքանչիւր հարուած իրենց համար կոլ է: Անոնք շատ լաւ յարձակողներ ունին, մեծ թիւով կոլեր կը նշանակեն եւ շատ քիչ կոլեր կը ստանան: Մենք լաւապէս պատրաստ ենք այս մրցումին», ըսաւ Լեւերքուզընի պաշտպանող միջնապահ Չաքա:
Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ռետ Պուլ – Լայփցիկ – Աուկզպուրկ
Ֆրայպուրկ – Զանքթ Փաուլի
Վոլֆսպուրկ – Շթութկարթ
Մայնց – Հայտընհայմ
Մէօնշընկլատպախ – Ունիոն Պերլին
ՎԱՂԸ
Հոլշթին Քիլ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Հոֆենհայմ – Վերտըր Պրեմըն
Սպանիոյ ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մայրաքաղաք Մատրիտի տերպիին, Աթլեթիքօ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը` «Մեթրոփոլիթան Սթատիում»-ին մէջ:
Աթլեթիքօ իր դաշտին վրայ կէտ մը կորսնցուցած է Էսփանիոլի դէմ, բայց միշտ ալ դժուար մրցակից եղած է Ռէալի դէմ, որմէ պիտի բացակայի ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ (վիրաւոր):
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնա, որ իր 7 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, հիւրը պիտի ըլլայ Օսասունայի, այս վերջինիս Փամփլոնայի «Էսթատիօ Էլ Սատար» դաշտին վրայ:
Ստորեւ` 8-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Խեթաֆէ – Ալավես
Ռայօ Վայեքանօ – Լեղանես
Ռէալ Սոսիետատ – Վալենսիա
Օսասունա – Պարսելոնա
ՎԱՂԸ
Սելթա Վիկօ – Ժիրոնա
Աթլեթիք Պիլպաօ – Սեւիա
Պեթիս – Էսփանիոլ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ
Իտալիոյ մէջ, անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլան, որ տակաւին իր մակարդակը չէ վերագտած, պիտի մեկնի Ուտինեզէի դաշտը` կատարելու տարեշրջանի իր 6-րդ մրցումը:
Ուտինեզէ 10 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 2 կէտի առաւելութիւն ունենալով Ինթերի վրայ, որ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Ստորեւ` յայտագիրը.
Ուտինեզէ – Ինթեր Միլան
Ճենովա – Եուվենթուս
Պոլոնիա – Աթալանթա
ՎԱՂԸ
Թորինօ – Լացիօ Ռոմա
Քոմօ – Վերոնա
Ա. Էս. Ռոմա – Վենեցիա
Էմփոլի – Ֆիորենթինա
Նափոլի – Մոնցա
Ֆրանսայի 6-րդ հանգրուանին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.
Լանս – Նիս
Լը Հաւր – Լիլ
Մոնաքօ – Մոնփելիէ
ՎԱՂԸ
Թուլուզ – Լիոն
Նանթ – Սենթ Էթիեն
Անժէ – Ռենս
Սթրազպուրկ – Մարսէյ


