Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ հաւանաբար լքէ «կարմիրներ»-ը այս եղանակի աւարտին:
Լիվըրփուլ կը պատրաստուի Սալահին փոխարինելու եւ ըստ երեւոյթին գտած է փոխարինող մը 32 տարեկան մարզիկին: «Կարմիրներ»-ը պատրաստ են աւելի քան 100 միլիոն եւրօ վճարելու Մատրիտին` ձեռք ձգելու պրազիլցի Ռոտրիկոն:
Ռէալ Մատրիտ պատրաստ չէ «ծախելու» Ռոտրիկոն, բայց նոյնինքն Ռոտրիկօ, որ կ՛ուզէ մնալ Մատրիտի մէջ, կրնայ միտքը փոխել, եթէ ան աւելի քիչ խաղաժամանակ ունենայ Ռէալի հետ:
Ռոտրիկօ կ՛ուզէ միշտ խաղալ Ռէալի հիմնական կազմին հետ, բայց այս տարեշրջանին ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէի ժամանումէն ետք մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի նեղի մատնուեցաւ եւ այժմ ստիպուած կ՛ըլլայ 3 յառաջապահներով խաղալ` Ռոտրիկօ, Էմպափէ եւ Վինիսիուս Ճունիոր: Կրնան ըլլալ մրցումներ, որոնց ընթացքին Ռէալ տարբեր խաղաձեւ ստիպուի որդեգրել եւ դաշտ ներկայանալ 2 յառաջապահ մարզիկներով, բան մը, որ կրնայ պատճառ դառնայ Ռոտրիկոյի Ռէալը լքելուն: