Փորթուգալի պատմական յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է նաեւ իր նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի մասին:
«Ինչպէս ըսած եմ արդէն, Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը, իմ կարծիքովս` պէտք է վերակառուցուի: Մարզիչը կ՛ըսէ, որ խումբը չի կրնար պայքարիլ «Փրեմիեր լիկ»-ի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան դառնալու համար: Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ մը պէտք չէ այդպէս խօսի: Ան կրնայ թերեւս այդպէս մտածել եւ ըսել, թէ մենք այդ ներուժը կրնայ ըլլալ չունինք, բայց չեմ կրնար այդպէս ըսել: Մենք կը փորձենք: Մենք պէտք է փորձենք: Եթէ Թեն Հակ մտիկ ընէ Ռուտ Վան Նիլսթըլրոյի, կրնայ օգնել ատիկա: Կը կարծեմ, որ ատիկա շատ կ՛օգնէ, քանի որ ան գիտէ ակումբը, եւ ակումբը պէտք է լսէ այն տղոց, որոնք հոն խաղցած են: Ռիօ Ֆերտինանտ, Ռոյ Քին, Փոլ Սքոլզ կամ Կերի Նեւիլ, ոեւէ մէկուն` սըր Ալեքս Ֆերկըսընին օրինակ: Դուք չէք կրնար վերակառուցել ակումբը առանց գիտելիքի: Պէտք չէ լսել միայն այդ տղոց, որոնք գրասենեակներուն մէջ կ՛աշխատին: Կը կարծեմ, որ ապագան փայլուն պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտի համար: Ես կը հաւատամ ատոր, բայց ակումբը կախեալ չէ միայն տաղանդներէ: Յաջողութեան համար միայն ֆութպոլիստները բաւարար չեն: Մեզի պէտք է միասնութիւն ամբողջ ակումբին մէջ», ըսաւ Ռոնալտօ «Տէյլի Մէյլ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: