18 տարեկան Էմմա Պօղոսեան 81 քկ կշիռի մրցումներուն շահեցաւ երկամարտի ոսկի մետալը` դառնալով աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու ախոյեան:
Լէոնի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Էմմա Պօղոսեան արաշէի մրցումներուն 100 քկ կրցած էր բարձրացնել` գրաւելով 5-րդ դիրքը, մինչ Էփոլէ-Ժըթէի մրցումներուն ան կրցած է 133 քկ կշռող ծանրաձողը բարձրացնել` շահելով փոքր ոսկի մետալ մը, եւ երկամարտի ընդհանուր հաշիւով գրաւեց առաջին դիրքը` դառնալով աշխարհի ախոյեան:
Աւելի կանուխ, Ալեքսանտր Գրիգորեան եւ Աննա Ամրոյեան շահած էին պրոնզէ մետալներ:


