Իտալացի մասնագէտ Մաուրիցիօ Սարրի կրնայ ստանձնել Էվըրթըն ակումբի մարզիչի պաշտօնը:
Անցեալ մարտին Սարրի հեռացաւ Լացիոյէն, զոր կը մարզէր 2021-էն ի վեր եւ այժմ անգործ է:
Ըստ «Կոլ» կայքին, Էվըրթըն կը մտածէ ձեռք ձգել Սարրին` փոխարինելու համար Շոն Տայչը, որ շաբաթ օր կրցաւ իր առաջին յաղթանակը արձանագրել Քրիսթըլ Փելեսի դէմ, 4 պարտութիւններէ ետք:
Իր կարգին, Սարրի ծանօթ է «Փրեմիեր լիկ»-ին, ուր կը մարզէր Լոնտոնի Չելսին 2018-2019 տարեշրջանին: