Լէոնի մէջ (Սպանիա) կը շարունակուի ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը: 76 քկ կշիռի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Աննա Ամրոյեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
Աննա Ամրոյեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ բարձրացնել 95,98 եւ 100 քկ կշռող ծանրաձողը: Ան 4-րդ դիրքը գրաւեց այս վարժութեան:
Էփոլէ-Ժըթէի վարժութեան մրցումներուն, Ամրոյեան նախ 123, ապա 128 քկ կշռող ծանրաձողը բարձրացուց, սակայն ձախողեցաւ 133 քկ ծանրութիւնը բարձրացնել: Այս վարժութեան մէջ ան գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ երկամարտի մրցումներուն ձեռք ձգելով 228 քկ գրաւեց վերջնական 3-րդ դիրքը` ձեռք ձգելով պրոնզ մետալ: