Պարսելոնա յառաջիկայ տարի կրնայ ձեռք ձգել բերդապահ մը: Հաւանական է, որ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն լքէ ակումբը, բայց աւելի լուրջ հարցը անոր վիրաւորուիլն է. հաւանաբար մինչեւ տարեշրջանի աւարտը վերադառնալ չկարենայ: Ուստի քաթալոնական ակումբը կը մտածէ գերմանացի բերդապահին փոխարինող գտնելու մասին: Այժմ ժամանակաւորապէս լեհ Վոյցեխ Չեսնի պիտի փոխարինէ Թեր Շթեկընը:
Ըստ «Մենէյճինկ Պարսա» կայքին, հաւանական փոխարինող կրնայ ըլլալ Պրայթընի բերդապահ Պարթ Վերպրիւկըն:
Նետերլանտերու ազգային խումբի բերդապահ Վերպրիւկընի (22 տարեկան) փոխանցումը այնքան ալ դիւրին կրնայ չըլլալ` նկատի ունենալով, որ սպանական միւս «հսկան»` Ռէալ Մատրիտ իր կարգին հետաքրքրուած է իրմով:
Վերպիւկընի փոխանցումի արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով:
Ան 2023-ին տեղափոխուած էր Անտըրլեխթէն 20 միլիոն եւրոյի փոխարէն: