Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս Գերմանիոյ Մէօնշընկլատպախ ակումբի Բ. խմբակին հետ հեթ թրիք իրագործեց շաբաթ օր Պոշոլթ խումբին դէմ, արեւմտեան շրջանի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Աւելի ծանօթ Կրանդ-Լէոն Ռանոս (Հրանդ-Լեւոն Եռանոսեան) անունով, ան 19-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: Մրցակից խումբը 2 կոլերով փոխադարձեց, սակայն Հրանդ կիսախաղէն առաջ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
57-րդ վայրկեանին Փեշ նշանակեց կոլ մը եւ 90-րդ վայրկեանին ան կոլ մը եւս նշանակեց` ամբողջացնելով իր հեթ թրիքը:
9 մրցումներէ ետք Մէօնշընկլատպախ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` 18 կէտով, երկու կէտով ետ մնալով Տուիզպուրկէն (20 կէտ):