Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Պարսելոնա, Պայերն Եւ Ինթեր Յաղթեցին, Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտուեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Պայերն Եւ Ինթեր Յաղթեցին, Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտուեցաւ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան մրցումներուն 2-րդ օրուան արդիւնքները առաջին օրուան նման անակնկալներով հարուստ չէին: Պարսելոնա շարունակեց իր յաղթական երթը եւ 5-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Կարմիր Աստղ Պելկրատի դաշտէն: Ինկիկօ Մարթինես, Ռոպերթ Լեվանտովսքի (2), Ռաֆինիա եւ Ֆերմին Լոփես նշանակեցին Պարսելոնայի կոլերը: Պայերն Միւնիխ բաւական դժուարութիւն ունեցաւ Պենֆիքայի դէմ, որ մեծ թիւով մարզիկներով կը պաշտպանուէր: Բ. կիսախաղին Լիրոյ Սանէի դաշտ ներկայանալէ ետք...

Բազկամարտ.  Ազատ Սրապեան` Միջազգային Կարգի Մարմնակրթութեան Վարպետ

Բազկամարտ. Ազատ Սրապեան` Միջազգային Կարգի Մարմնակրթութեան Վարպետ

Բազկամարտի աշխարհի ախոյեան Ազատ Սրապեանին միջազգային մրցաշարքերու իր տարած լուրջ յաղթանակներուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին կողմէ շնորհուեցաւ «Միջազգային կարգի մարմնակրթութեան վարպետ»-ի կոչում: Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի համայնքապետարանի աշխատակազմը յայտնած էր «Արմէնփրես»-ին, թէ Ազատ Սրապեան ծնունդով Մարտունի համայնքի վերջին Գետաշէն գիւղէն է: Սրապեան 70 քկ կշիռի մրցումներուն 10 անգամ շահած է Հայաստանի ախոյեանութիւնը, մասնակցած էր 15-էն 25...

Ճատրակ.  Պատանիներու Եւ Երիտասարդներու Յաջող Մրցաշարքը

Ճատրակ. Պատանիներու Եւ Երիտասարդներու Յաջող Մրցաշարքը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց տարիքային աշխարհի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի, եւ մնացած են վերջին 3 խաղափուլերը: 14 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, Սոնա Քրքիաշարեան 8 կարելի կէտերէն 6 կէտ ձեռք ձգելով կը գրաւէ 3րդ դիրքը: 18 տարեկանէն վար տղոց յառաջատարներու շարքին է Ալեքս Սահակեան, որ 5,5 կէտ հաւաքած է: Նոյն տարիքային խումբին մաս կը կազմէ նաեւ...

Ռէալ Մատրիտ Տագնապի Մէջ

Ռէալ Մատրիտ Տագնապի Մէջ

Սպանիոյ «թագաւորական» խումբը` Ռէալ Մատրիտ, 15 տարուան ընթացքին այսքան ձախող արդիւնքներ չէր արձանագրած: Աւելի՛ն, խումբը «Չեմփիընզ լիկ» շահած էր եւ բաւական երիտասարդ սերունդ ունէր «հիներ»-ուն հետ շաղուելով պատրաստուած: Վեթերաններ Նաչօ, Թոնի Քրուս եւ Խոսելու լքեցին խումբը, մինչ յառաջապահ գիծի աստղ Քիլիան Էմպափէ, ինչպէս նաեւ պրազիլցի Էնտրիք միացաւ աւելի եւս զօրացնելով յառաջապահ գիծը: Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ: «Լա լիկա»-ի 11 մրցումներէն 7-ն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Թանտըր Պարտուեցաւ, Քեվելիրզ Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըր Պարտուեցաւ, Քեվելիրզ Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, օր մը դադարէ ետք` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան պատճառով, եւ իր 9-րդ մրցումին Քլիվլենտ Քեվելիրզ մրցանիշ իրագործեց իր 9-րդ յաղթանակը տօնելով, Լուիզիանայի մէջ յաղթելով տեղւոյն Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի: Քլիվլենտի 55 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ խումբը այսքան յաջող ձեւով կը սկսի տարեշրջանը: Տոնավըն Միչել 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քեվելիրզի, մինչ Ճերըթ...

2009-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռէալ Կը Տառապի

«Չեմփիընզ Լիկ». Սիթի Եւ Ռէալ Պարտուեցան

Երեքշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան առաջին օրն էր: Յայտագիրի վրայ կային մրցումներ, ինչպէս` Ռէալ Մատրիտ - Ա. Սէ. Միլան, որ կը կարծուէր, թէ այդքան հետաքրքրական չէր կրնար ըլլալ` նկատի ունենալով երկու խումբերուն այժմու վիճակը: Աւելի՛ն. Ռէալ Մատրիտ իր վերջին 19 մրցումներուն` իտալական խումբերու դէմ, միայն 1 անգամ պարտուած էր: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Ռէալ...

Ակումբներու Մոնտիալ.  ՖԻՖԱ-ն Պիտի Լուծէ Ակումբներու Վէճը

Ակումբներու Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Պիտի Լուծէ Ակումբներու Վէճը

ՖԻՖԱ-ն երեքշաբթի օր գումարեց ժողով մը, որուն լոյսին տակ յայտնեց, թէ պիտի լուծէ որեւէ հարց, որ կը ստեղծուի ակումբներու միջեւ, եթէ անշուշտ երկու ակումբներ նոյն մարզիկը ընտրեն` մասնակցելու յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալի մրցաշարքին: Հարցեր կրնան ստեղծուիլ, մանաւանդ որ ըստ ՖԻՖԱ-ի օրէնքին, մարզիկի մը պայմանագրութեան աւարտի թուականը 30 յունիսն է, իսկ այս մրցաշարքը կը սկսի 15 յունիսին: Այլ...

Ռոնալտօ Կոլ Մը Եւս Նշանակեց

Ռոնալտօ Կոլ Մը Եւս Նշանակեց

Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի Արեւմտեան շրջանի մրցումներուն, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր խումբը, 4-րդ հանգրուանի իր մրցումին 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբը: Ռիատի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Նասրի միջնապահ Անտերսոն Թալիսքա 5-րդ վայրկեանին նշանակեց առաջին կոլը: 31-րդ վայրկեանին Ռոնալտօ նշանակեց Նասրի 2-րդ կոլը, որմէ վայրկեաններ ետք Ֆապիօ Քարտոսօ սխալմամբ իր բերդէն ներս նշանակեց Նասրի 3-րդ կոլը: 56-րդ վայրկեանին Նասրի...

2009-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռէալ Կը Տառապի

2009-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռէալ Կը Տառապի

Սպանիոյ «հսկայ» Ռէալ Մատրիտ ակումբը 15 տարիէ ի վեր այսքան վատ ժամանակ չէր անցուցած: Ակումբը 2 յաջորդական պարտութիւն կրեց Սանթիակօ Պեռնապէոյի մէջ, ստանալով երեք եւ աւելի կոլեր: 15 տարի առաջ Ռէալ Պարսելոնայէն (2-6) եւ Մայորքայէն (1-3) պարտութիւններ կրած էր: Այժմ Ռէալ Պարսելոնայէն (0-4) եւ Ա. Սէ. Միլանէն (1-3) պարտութիւններ կրած է: Մարզիչ Անչելոթթի յանցաւոր չի նկատեր ոեւէ անձ...: «Կասկածնե՞ր իմ...

Գերմանիա Մտադիր Է Հիւրընկալել 2040-ի Ամառնային Ողիմպիականը

Գերմանիա Մտադիր Է Հիւրընկալել 2040-ի Ամառնային Ողիմպիականը

Գերմանիա ցանկութիւն ունի հիւրընկալելու 2040 թուականի 37-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով այս մասին կը գրէ «Տէօյչէ Վելէ»-ն: 2040 թուականին Գերմանիա պիտի տօնէ իր վերամիաւորման 50-րդ տարեդարձը եւ այդ պատճառով կ՛ուզէ ներկայացնել իր հիւրընկալելու թեկնածութիւնը: Յաջորդ տարի կայանալիք մրցումներուն պէտք է մասնակցին գերմանական քանի մը քաղաքներ` Պերլին, Լայփցիկ, Միւնիխ եւ Համպուրկ, ինչպէս նաեւ Ռայն-Ռուրեան մարզը: 2028-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը տեղի...

Խաչանով Վիրաւոր

Խաչանով Վիրաւոր

Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով խօսած է աջ ոտքի հարցին մասին: «Հիմա տարբեր զգացումներ ունիմ... Ես հաճոյք ստացայ վերջին մրցումներուն արդիւնքներէն: Ամօթ է այսպէս աւարտել... Գիտեմ, որ մարզական աշխարհի մէջ վիրաւորուիլ ալ կայ, եւ անոր դէմ ոչինչ կրնաս ընել: Կրնամ ըսել, որ պիտի փորձեմ մինչեւ վերջ պայքարիլ: Ես գացի բժիշկի եւ աջ ոտքիս վրայ երկու տեղ 2-րդ աստիճանի լարուածութիւն ունիմ: Այսպիսով,...

«Ֆորմիւլա 1».  Պրազիլի Կրան Փրիէն Ետք Բազմաթիւ Նոր Մրցանիշներ Արձանագրուեցան

«Ֆորմիւլա 1». Պրազիլի Կրան Փրիէն Ետք Բազմաթիւ Նոր Մրցանիշներ Արձանագրուեցան

Անցեալ շաբաթավերջին Պրազիլի մարաթոն կրան փրիէն ետք «Ֆորմիւլա 1»-ի բազմաթիւ մրցանիշներ արձանագրուեցան: Ինթերլակոսի կրան փրին մարաթոն էր, որովհետեւ տեղատարափ անձրեւներու պատճառով զտումի կամ փոլ-փոզիշընի մրցումը, որ օրէնքով մէկ օր առաջ տեղի կ՛ունենար, քանի մը անգամ ընդհատուած էր արկածներու հետեւանքով` պատճառ դառնալով, որ բազմաթիւ վարորդներ ետ մնան` ձախողելով աւելորդ փորձերով իրենց ժամանակը բարելաւել: Այդ ուշացումներուն «զոհ»-ը գնաց վերջին 3 տարիներու աշխարհի ...

Նոա Ակումբը Տարբեր Ձեւով Կը Դիտէ Հայաստանի Ֆութպոլի Իրավիճակը

Նոա Ակումբը Տարբեր Ձեւով Կը Դիտէ Հայաստանի Ֆութպոլի Իրավիճակը

Նոա ակումբը վերջերս պաշտօնական յայտարարութեամբ ներկայացուցած է հայկական ֆութպոլին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը: Նոայի հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Նոա ֆութպոլի ակումբը իբրեւ պատասխան համակիրներուն եւ լրատուական միջոցներուն կը յայտնէ հետեւեալը. Նոա ակումբը չի մասնակցիր Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն: Ակումբը կ՛աշխատի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ ֆութպոլի առնչուող խնդիրներու շուրջ` յանուն արդար խաղի օրէնքներուն: Հայաստանի մէջ կան արհեստավարժ եւ մանկապատանեկան ֆութպոլի զարգացման ռազմավարութեան...

Կարէն Տոխոյեան` Հայկական Ֆութպոլի Մասին

Կարէն Տոխոյեան` Հայկական Ֆութպոլի Մասին

Հայաստանի ազգային խումբի նախկին յետսապահ, այժմ «Լեկալ Սփորթ» գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Կարէն Տոխոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է հայկական ֆութպոլին եւ ֆութպոլիստներուն մասին: Ան իր կարծիքը յայտնած է նաեւ ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի մասին: «Կը կարծեմ, որ Փեթրաքով մեր ֆութպոլին եւ համակիրներուն կարելիութիւն ընձեռեց, որ խումբը կարողանայ հասնիլ աւարտական հանգրուան, որ կարողանայ լաւ ֆութպոլ խաղալ»: Յիշեցնենք, որ 13...

Արսէն Զախարեան Պատրաստ Է

Արսէն Զախարեան Պատրաստ Է

Սպանիոյ Ռէալ Սոսիետատի հայազգի միջնապահ Արսէն Զախարեան կը մարզուի ընդհանուր խումբին հետ եւ կը պատրաստուի ախոյեանութեան մասնակցելու իր առիթին: Զախարեանի ներկայացուցիչ Կենատի Կոլուփին յայտնած է, որ ան 100 տոկոս պատրաստ է եւ կրնայ 14 նոյեմբերին Սպանիոյ բաժակի Էսփանիոլի դէմ մրցումին արդէն դաշտ ներկայանալ: «Արսէնի հետ ամէն ինչ դասաւորուած է: Ան բնական կը մարզուի ընդհանուր խումբին հետ մարզավիճակ ձեռք ձգելով: Յոյսով...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտի 8-րդ Յաղթանակը Եւ Եութայի Առաջինը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտի 8-րդ Յաղթանակը Եւ Եութայի Առաջինը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր յաջորդական 8-րդ մրցումը յաղթեց 1976-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Տարիըս Կարլենտ 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քեվելիրզի, որ 116-114 արդիւնքով յաղթեց Միլուոքի Պաքսին, որ կը խաղար առանց իր վիրաւոր յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփոյի: Մրցումին վերջին մասին կը կարծուէր, թէ Միլուոքի տարեշրջանի առաջին պարտութեան պիտի մատնէ Քլիվլենտը, որ սակայն վերջին...

Պոթեւի Մրցանիշը…

Պոթեւի Մրցանիշը…

Պուլկարիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Պոթեւ Փլովտիւ խումբը հետաքրքրական մրցանիշ մը իրագործած է` իր վերջին 11 ելոյթներն ալ աւարտելով 1-0 արդիւնքով: Այս 11-էն 8-ն Պոթեւ յաղթանակով աւարտած է: Պոթեւ, որուն մաս կը կազմէ Էտկար Փիլոյեան, 28 կէտով կը գրաւէ Պուլկարիոյ ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով Լուտոկորեցէն, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:    

Հիլալ Յաղթեց, Բայց Նէյմար Վիրաւորուեցաւ

Հիլալ Յաղթեց, Բայց Նէյմար Վիրաւորուեցաւ

Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն, Արեւելեան շրջանի Դ. հանգրուանի գծով Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Հիլալ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իրանի ախոյեան Էսթեղլալին: Սերպ յառաջապահ Ալեքսանտր Միթրովիչ հեթ-թրիք իրագործեց: 57-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը, որ կը վերադառնար երկար ժամանակ կանաչ դաշտերէն հեռու մնալէ ետք, սակայն 86-րդ վայրկեանին ստիպուեցաւ լքել դաշտը` ցաւ զգալէ ետք: «Զօրաւոր պրկում ունեցայ: Յոյս ունիմ, որ քննութիւններէ ետք լուրջ...

Պալոթելլի Վերադարձաւ Եւ… Դեղին Քարտ Ստացաւ

Պալոթելլի Վերադարձաւ Եւ… Դեղին Քարտ Ստացաւ

Մարիօ Պալոթելլի 1701 օր հեռու մնալէ ետք Իտալիոյ «Սերի Ա.»-էն իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Ճենովայի հետ: Ճենովա 1-0 արդինքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Փարմայի դէմ, մինչ Պալոթելլի 86-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ: 5 վայրկեաններ բաւական էին, որ ան ստանայ... իր առաջին դեղին քարտը:  

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային խումբի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեանի ռուսական ակումբը` Լոքոմոթիւ Մոսկուա, յայտնեց, թէ իտալական շատ մը ակումբներ կապուած են իրենց, Թիքնիզեանի ծառայութեամբ հետաքրքրուելով, սակայն ակումբին չէ գոհացուցած անոնց տուած գինը: Նոյն պահուն Լոքոմոթիւ պատրաստ է ակումբներուն հետ քննարկել հաւանական գործարքի պայմանները: - ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ իր յառաջապահ Արտակիւլերի ապագային համար որոշած է աւելի ժամանակ տրամադրել, մանաւանդ որ Լիվըրփուլի նման ակումբներ վերջերս...

Page 162 of 1275 1 … 161 162 163 … 1,275

Արխիւներ