Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռէալ Մատրիտ Տագնապի Մէջ

November 8, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ «թագաւորական» խումբը` Ռէալ Մատրիտ, 15 տարուան ընթացքին այսքան ձախող արդիւնքներ չէր արձանագրած: Աւելի՛ն, խումբը «Չեմփիընզ լիկ» շահած էր եւ բաւական երիտասարդ սերունդ ունէր «հիներ»-ուն հետ շաղուելով պատրաստուած: Վեթերաններ Նաչօ, Թոնի Քրուս եւ Խոսելու լքեցին խումբը, մինչ յառաջապահ գիծի աստղ Քիլիան Էմպափէ, ինչպէս նաեւ պրազիլցի Էնտրիք միացաւ աւելի եւս զօրացնելով յառաջապահ գիծը:

Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ: «Լա լիկա»-ի 11 մրցումներէն 7-ն յաղթած է Ռէալ` հաւասարելով 3 մրցում եւ պարտուելով 1, այդ ալ` Պարսելոնայէն անցեալ 26 հոկտեմբերին, Մատրիտի մէջ, 4-0 արդիւնքով: Ռէալի հարցը հոս սկսաւ: Այդ մրցումէն ետք ալ այս երեքշաբթի օրուան Ա. Սէ. Միլանին դէմ մրցումը, «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով եւ… պարտութիւն մը եւս (3-1) Մատրիտի մէջ: Խումբի նախագահ Ֆիորենթինա Փերես Պարսելոնայի դէմ մրցումէն ետք լրջօրէն սկսած էր մտածել Անչելոթթին փոխարինելու մասին: Միլանի դէմ մրցումէն ետք, աւելի լրջացաւ խնդիրը: Կապեր հաստատուած են նախկին մարզիկ Չապի Ալոնսոյի հետ, որ այժմ կը մարզէ Գերմանիոյ Պայեր Լեւերքուզընը, յառաջիկայ ամառ միանալու համար, եւ կարծէք համաձայնութիւն մըն ալ գոյացած է:

Հարցը հոս չ՛աւարտիր: Ռէալ հարցեր ունի եւ արագ լուծումներու կարիք ունի: Կը խօսուի, թէ Ռէալ Մատրիտի պահեստի մարզիչ Ռաուլ Կոնսալես կրնայ փոխարինել Անչելոթթին: Բայց ինչ որ կը խօսուի այն է, որ հանդերձարանին մէջ այլ հարցեր կան: Էմպափէի խաղաոճէն դժգոհ շատեր կան, որոնք կը կարծեն (եւ պէտք է), որ Էմպափէ պէտք է օգնէ խումբին, երբ մրցակից խումբը յարձակի: Այլ խօսքով` Էմպափէ յարձակելու կողքին պէտք է պաշտպանէ նաեւ:

Խնդիրներ կան պաշտպանողական գիծի վրայ, ուր ձախ կողմի պաշտպան Ֆերլան Մենտի շատ կայուն մարզիկ մը չէ, եւ Ռէալի նման խումբ մը աւելի լաւ մարզիկի պէտք ունի: Կեդրոնի պաշտպաններ Էտեր Միլիթաօ եւ Անթոնիօ Ռուտիկըր համեմատաբար լաւ են, սակայն Տանի Քարվախալի վիրաւորուիլը, ինչպէս նաեւ Տաւիտ Ալապայի բացակայութիւնը մօտ 1 տարիէ ի վեր շատ ազդեցին Ռէալի պաշտպանողական գիծին վրայ: Մատրիտի բուն հարցը կարծէք կը սկսի եւ կ՛աւարտի միջնապահ գիծէն, ուր Թոնի Քրուս ոչ միայն մրցումը կը կառավարէր, այլ նաեւ մինչեւ պաշտպանողական գիծին սխալները կը գոցէր` իր կարգին օգնելով ետեւի գիծին, միշտ աչք մըն ալ ուղղելով դէպի առաջ` կոլի փոխանցում մը կատարելու: Թէ ո՛ր մարզիչը կրնայ այդ մարզիկը փոխարինել կամ գտնել մէկը, որ քանի մը գործ կ՛ընէ, օրերը ցոյց պիտի տան:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըր Պարտուեցաւ, Քեվելիրզ Յաղթեց

Յաջորդը

Ճատրակ. Պատանիներու Եւ Երիտասարդներու Յաջող Մրցաշարքը

RelatedPosts

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…
Մարզական

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…

November 4, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

November 4, 2026
17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները
Մարզական

17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.