Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Պրազիլի Կրան Փրիէն Ետք Բազմաթիւ Նոր Մրցանիշներ Արձանագրուեցան

Նոյեմբեր 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Պրազիլի մարաթոն կրան փրիէն ետք «Ֆորմիւլա 1»-ի բազմաթիւ մրցանիշներ արձանագրուեցան:

Ինթերլակոսի կրան փրին մարաթոն էր, որովհետեւ տեղատարափ անձրեւներու պատճառով զտումի կամ փոլ-փոզիշընի մրցումը, որ օրէնքով մէկ օր առաջ տեղի կ՛ունենար, քանի մը անգամ ընդհատուած էր արկածներու հետեւանքով` պատճառ դառնալով, որ բազմաթիւ վարորդներ ետ մնան` ձախողելով աւելորդ փորձերով իրենց ժամանակը բարելաւել: Այդ ուշացումներուն «զոհ»-ը գնաց վերջին 3 տարիներու աշխարհի  ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որ սակայն անուղղակի ձեւով օգտուեցաւ իր 17-րդ դիրքէն, եւ հետզհետէ մօտենալով օգտուեցաւ նաեւ սէյֆթի-քարէն, առաւել անիւ փոխելու ճիշդ ժամանակէն` գրաւելով առաջին դիրքը:

Վերշթափընի վերջին շահած կրան փրին Սպանիոյ մէջ էր 23 յունիսին: Ան 10 կրան փրիներ առանց շահելու աւարտած էր, որ ամէնէն երկարն էր 2020-էն ի վեր, երբ 11 կրան փրիներէ ետք է, որ շահած էր:

Այդ 10 չշահած կրան փրիները կը հաւասարին այդ կրան փրիներուն, զորս չէր կրցած շահիլ 2022-ին եւ 2023-ին:

Վերշթափըն բարելաւեց Միքայէլ Շումախըրի մրցանիշը` թիւ 1 դիրքին վրայ մնալով 896 յաջորդական օրեր:

«Ռետ Պուլ» յաջորդական 64-րդ կրան փրին ըլլալով կրցաւ առնուազն կէտ մը շահիլ` հաւասարելով «Մաքլարեն»-ի 2010-էն 2013: Մրցանիշը կը պատկանի «Ֆեռարի»-ի, որ 81 յաջորդական կրան փրիներու, կէտեր հաւաքած է 2010-էն 2014:

Էսթեպան Օքոն, որ երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ալփին»-ի հետ, առաջին անգամ ըլլալով նոյն դիրքը գրաւեց կրան փրիի մը: Ան նախապէս 1 անգամ ախոյեան, 1 անգամ փոխախոյեան եւ անգամ մըն ալ 3-րդ դիրքը գրաւած էր:

3-րդ դիրքը գրաւող Փիեռ Կասլի բնաւ 2 անգամ փոտիում չէր բարձրացած նոյն կրան փրիին: Ան 2019-ին 2-րդ դիրքը գրաւած էր Պրազիլի մէջ:

«Ալփին»-ի համար մրցանիշ է երկու վարորդ ունենալը այս կրան փրիին: «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլեր, որ 5-րդ դիրքը գրաւեց, բնաւ փոտիում չէ բարձրացած Պրազիլի մէջ:

Նախկին երկու կրան փրիներուն 2 «Ֆեռարի»-ներ բարձրանալէ ետք փոտիում, այս տարի ոչ մէկ «Ֆեռարի» կրցաւ բարձրանալ:

«Մաքլարեն»-ի վարորդ Լանտօ Նորիս առաջին անգամ ըլլալով փոլ փոզիշընէն կը սկսէր մրցումը եւ 6-րդ դիրքին վրայ կ՛աւարտէր:

«Մերսետես»-ի վարորդ Լուիս Համիլթըն 10-րդ դիրքը գրաւելով իր ամէնէն վատ արդիւնքը արձանագրեց Պրազիլի մէջ, 2013-ին «Մերսետես»-ին միանալէ ետք:

Նախորդը

Խմբագրական Հայրենիք»-ի. Միականի Դատավարութիւն

Յաջորդը

Խաչանով Վիրաւոր

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?