Հայաստանի ազգային խումբի նախկին յետսապահ, այժմ «Լեկալ Սփորթ» գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Կարէն Տոխոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է հայկական ֆութպոլին եւ ֆութպոլիստներուն մասին:
Ան իր կարծիքը յայտնած է նաեւ ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի մասին: «Կը կարծեմ, որ Փեթրաքով մեր ֆութպոլին եւ համակիրներուն կարելիութիւն ընձեռեց, որ խումբը կարողանայ հասնիլ աւարտական հանգրուան, որ կարողանայ լաւ ֆութպոլ խաղալ»: Յիշեցնենք, որ 13 հոկտեմբեր 2024-ին ազգային խումբի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած էր, թէ ուքրանացի մասնագէտը պաշտօնանկ եղած էր: Որոշումը տրուած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի 4-րդ հանգրուանին հիւսիսային Մակեդոնիայէն ազգային խումբին կրած պարտութենէն ետք:
Տոխոյեան խօսեցաւ նաեւ Ռուսիա ծնած եւ խաղցած հայկական արմատներ ունեցող բազմաթիւ ֆութպոլիստներուն մասին, որոնք կ՛ընտրեն հայկական քաղաքացիութիւնը: «Արմատները ի վերջոյ հայկական են: Եթէ ընտանիքները ճիշդ դաստիարակած են, եւ ֆութպոլիստը ունի ցանկութիւն խաղալու հայրական գծով հաւաքականին համար, բնական երեւոյթ է: Ես ինքս 7 տարի Ռուսիա խաղցած եմ եւ ամէն ինչ լաւ կը հասկնամ: Սամարիա շատ ընկերներ ունիմ, որոնց զաւակները ծնած են ռուս քաղաքացիութեամբ, բայց ստացած են այնպիսի դաստիարակութիւն, որ անոնք հայ են: Անոնք կրնան գալ հոս, խաղալ ազգային խումբէն, լաւ մարզիկներ տալ, իսկ յետոյ մեկնիլ Եւրոպա, նկատի ունենալով Ռուսիոյ ներկայի վիճակը: Այս առիթով կը ցանկամ նշել երիտասարդ Սերկէյ Մուրատեանը, որ արդէն իսկ Հայաստանի ազգային խումբին հետ քանի մը մրցում կատարեց կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ: Ան Զենիթի սան է, հիմա Նոայի հետ կը խաղայ: Անոր արդէն տարած էին Հայաստանի պատանեկան ազգային խումբ, եւ գիտնալով իրեն յայտնեցի, որ եթէ կ՛ուզէ մնալ Հայաստան, ես կը զբաղիմ անոր հարցերով: Մէկ կամ երկու տարի ետք հայրը կապուեցաւ հետս եւ ըսաւ, թէ կ՛ուզէ տեղափոխուիլ Հայաստան: Այդպէս եղաւ, եւ ճիշդ ակումբ գտանք իրեն համար` Նոան, որ այն ժամանակ տակաւին նիւթական այդքան կարելիութիւններ չունէր, որքան հիմա: Ակումբի ղեկավարութիւնը նոյնպէս պատրաստ էր զինք ակումբին մէջ տեսնելու, քանի ան արդէն 18 տարեկանին երիտասարդներու ազգային խումբէն կը խաղար: Այն ժամանակ Նոայի մարզիչը Ռոպերթ Արզումանեանն էր, որուն հետ միասնաբար խաղցած եմ յետսապահ գիծի վրայ: Ամէն ինչ նպաստեց, որ Սերկէյ աստիճանաբար խաղալու սկսի: Հիմա Նոան Հայաստանի լաւագոյն խումբերէն է, եւ կը տեսնենք, թէ ան ինչպէ՛ս մեծցած է եւ արդէն կը խաղայ: Ամէնէն կարեւորը ան կը խաղայ շատ կայուն եւ արժանապատուութեամբ: Կը կարծեմ, որ ան Հայաստանի ֆութպոլի ապագան է, եւ ուրախ եմ իրեն համար: Յոյսով եմ, որ աւելի լաւ խումբ փոխադրուի Եւրոպայի մէջ»: