Գերմանիա ցանկութիւն ունի հիւրընկալելու 2040 թուականի 37-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով այս մասին կը գրէ «Տէօյչէ Վելէ»-ն: 2040 թուականին Գերմանիա պիտի տօնէ իր վերամիաւորման 50-րդ տարեդարձը եւ այդ պատճառով կ՛ուզէ ներկայացնել իր հիւրընկալելու թեկնածութիւնը: Յաջորդ տարի կայանալիք մրցումներուն պէտք է մասնակցին գերմանական քանի մը քաղաքներ` Պերլին, Լայփցիկ, Միւնիխ եւ Համպուրկ, ինչպէս նաեւ Ռայն-Ռուրեան մարզը:
2028-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան Լոս Անճելըսի մէջ, 2032-ին` Աւստրալիոյ Պրիզպանի մէջ, իսկ 2036-ի խաղերու վայրը տակաւին յայտնի չէ: