Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Սիթի Եւ Ռէալ Պարտուեցան

Նոյեմբեր 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան առաջին օրն էր: Յայտագիրի վրայ կային մրցումներ, ինչպէս` Ռէալ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան, որ կը կարծուէր, թէ այդքան հետաքրքրական չէր կրնար ըլլալ` նկատի ունենալով երկու խումբերուն այժմու վիճակը: Աւելի՛ն. Ռէալ Մատրիտ իր վերջին 19 մրցումներուն` իտալական խումբերու դէմ, միայն 1 անգամ պարտուած էր: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Ռէալ իր վերջին պաշտօնական մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտուած էր Պարսելոնայէն եւ անցեալ շաբաթ մրցում չէր կատարած Վալենսիայի հեղեղներուն պատճառով:

Կը սպասուէր, որ Ռէալ ինքզինք գտած աւելի լաւ խաղար, սակայն Միլանի ակումբն էր, որ բացաւ մրցումին հաշիւը, երբ Փուլիշիչի քոռնըրէն ետք յետսապահ Մալիք Թիաօ գլխու հարուածով մը նշանակեց Միլանի հետ իր ասպարէզի առաջին կոլը:

10 վայրկեան ետք, Վինիսիուս Ճունիոր փենալթի մը շահեցաւ, եւ ինք կրցաւ կոլի վերածել «Փանենքա» հարուածով: Կը կարծուէր, թէ Ռէալ իր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ամէն տարուան ձեւով պիտի վերադառնայ մրցումին մթնոլորտին եւ կոլեր նշանակելու սկսի, սակայն Միլանի կազմն էր, որ նշանակեց 39-րդ վայրկեանին: Ռաֆայէլ Լէաօ հարուածեց դէպի Լունինի (Ռէալ) բերդը, Լունին զսպեց, սակայն գնդակը վերադարձաւ Ալվարօ Մորաթային, որ նշանակեց իր անցեալի խումբին բերդին մէջ: Պէտք է ըսել, որ Լունին քանի մը վայրկեան առաջ լաւ ձեւով զսպած էր նետերլանտցի Թիյանի Ռէյնտըրսի հարուածը:

Բ. կիսախաղին, Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի փոխարինեց Չուամենին եւ Վալվերտէն Պրահիմ Տիասով եւ Էտուարտօ Քամասինկայով, սակայն Ռէալի խաղաձեւը մնաց անփոփոխ, մանաւանդ դէպի յառաջապահները` գնդակ հասցնելու գծով: Միւս կողմէ, Միլանի ձախ յառաջապահ Ռաֆայէլ Լէաօ կը փայլէր` խաղի բերելով Ռէալի մարզիկներ, ինչպէս նաեւ ստեղծելով առիթներ իր խմբակիցներուն համար: Այս առիթներէն մէկուն ժամանակ ան փոխանցեց Ռէյնտըրսի, որ 73-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի ուքրանացի բերդապահ Լունինի ոտքերուն մէջէն: Արդիւնք` 3-1 ի նպաստ Միլանի, Սանթիակօ Պեռնապէօի դաշտին վրայ: 81-րդ վայրկեանին Ռուտիկըր նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը` գեղեցիկ հարուածով մը մեծ քառակուսիին դուրսէն, սակայն… ՎԱՐ-ի կողմէ չեղեալ նկատուեցաւ օֆ-սայտի պատճառով:

Վերջին վայրկեաններուն Լունին լաւ ձեւով զսպեց Լոֆթըս-Չիքի հարուածը, մինչ 91-րդ վայրկեանին Միլանի բերդապահ Մենիան իր կարգին լաւ ձեւով զսպեց Պրահիմ Տիազի գլխու հարուածը:

Մրցումը վերջ գտաւ 1-3 արդիւնքով Ռէալի պարտութեամբ իր դաշտին վրայ:

Անգլիոյ վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ կը նկատուի Եւրոպայի ամբողջական խումբերէն գլխաւորը, 4-1 արդիւնքով մեծ պարտութեամբ վերադարձաւ Լիզպոնէն:

Արդարեւ, Սփորթինկ Լիզպոն Փորթուգալի մէջ կը հիւրընկալէր Մանչեսթըր Սիթին, եւ փորթուգալցի մարզիչ Ռոպեն Ամորիմ արդէն իսկ օրուան նիւթն էր, մանաւանդ որ ան յառաջիկայ շաբաթ պիտի միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Հիւրերը լաւ ձեւով սկսան, երբ Ֆիլ Ֆոտըն իր յաջորդական 3-րդ մրցումին կոլ կրցաւ նշանակել «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին` օգտուելով մրցակից յետսապահի մը սխալէն, 4-րդ վայրկեանին:

Եւրոպայի այժմու ամէնէն արդիւնաւէտ յառաջապահը` շուէտացի Վիքթոր Եոքերեշ, 8-րդ վայրկեանին առիթ ունեցաւ նշանակելու Սփորթինկի հաւասարութեան կոլը, սակայն Էտիրսոն զսպեց զայն: Այս առիթէն պիտի օգտուէր Սիթիի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, որուն լաւ դարձած հարուածը մեծ վարպետութեամբ զսպեց Սփորթինկի ուրուկուէյցի բերդապահ Ֆրանքօ Իսրայէլը:

Հաալանտ 4 առիթներ ունէր կոլ նշանակելու առաջին կիսախաղին, այդ առիթներէն մէկը դուրս ուղղուեցաւ, միւսը գիծին վրայէն զսպուեցաւ Եոքերեշի կողմէ, իսկ միւսն ալ զսպեց Իսրայէլ:

38-րդ վայրկեանին արդիւնքը 1-1 էր: Ճիովանի Քուենտայի փոխանցումէն ետք Եոքերեշ նշանակեց Սփորթինկի հաւասարութեան կոլը:

Բ. կիսախաղը շատ արագ սկսաւ, երբ Փետրօ Կոնսալվեշի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք Մաքսիմիլիանօ Արաուխօ նշանակեց Սփորթինկի 2-րդ կոլը: Վայրկեան մը ետք խրուաթ յետսապահը կը փորձէր գնդակը հեռացնել, բայց մրցակիցի մը ոտքն ալ հարուածելով փենալթի մը «նուիրեց» Սփորթինկին, որ կոլի վերածեց Եոքերեշ:

66-րդ վայրկեանին փենալթի մը ի նպաստ Սիթիի, սակայն Հաալանտի հարուածը զսպեց Սփորթինկի բերդին ձողը: 78-րդ վայրկեանին Եոքերեշ առիթ ունէր հեթ-թրիք կատարելու, սակայն Էտերսոն զսպեց անոր հարուածը դէպի քոռնըր: Այդ քոռնըրէն ետք Մաթէուս Նունեշի կարծր թաքըլը պատճառ դարձաւ այլ փենալթիի մը:

Անգամ մը եւս Եոքերեշ հարուածեց, բայց Էտերսոն կարելին ըրաւ զսպելու եւ կրցաւ դպնալ գնդակին, որ շարունակուեցաւ բերդին մէջ: Արդիւնք` 4-1 ի նպաստ Ամորիմի մարզած խումբին:

Լիվըրփուլ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պայեր Լեւերքուզընը, ուր փայլեցաւ Լուիս Տիաս (3 կոլ), մինչ Քոտի Կաքփօ նշանակեց միւս կոլը:

Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի փոխախոյեան Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրիոյ Շթուրմ Կրացը` շնորհիւ Տոնիէլ Մալենի կոլին:

Եուվենթուս Ֆրանսայի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Լիլի հետ: Ճոնաթըն Տէյվիտ նշանակեց Լիլի կոլը, իսկ Տուշան Վլահովիչ (փենալթիով)` Եուվէի հաւասարութեան կոլը:

Մոնաքօ Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Պոլոնիայի: Թիլօ Քեհրեր 86-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:

Ստորեւ` առաջին օրուան արդիւնքները.

ՓՍՎ Այնտհովըն – Ժիրոնա 4-0
Սլովան Պրաթիսլաւա – Տինամօ Զաղրեպ 1-4
Պոլոնիա – Մոնաքօ 0-1
Սելթիք – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 3-1
Տորթմունտ – Շթուրմ Կրաց 1-0
Լիլ – Եուվենթուս 1-1
Լիվըրփուլ – Պայեր Լեւերքուզըն 4-0
Ռէալ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան 1-3
Սփորթինկ Լիզպոն – Մանչեսթըր Սիթի 4-1

Նախորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Պիտի Լուծէ Ակումբներու Վէճը

Յաջորդը

Էրտողան. «Կ՛ուզենք, Որ Ազրպէյճանի Պատմական Նուաճումները Ամրապնդուին Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Միջոցով»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?